ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Առիթով
ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Տուին ուզելով…
Տուին ժպիտով…
Տուին սրտով…
Ապրիլի կիսուն թակեցի դռները (հետեւելով տրուած անուանացանկին)` որոշ երկիւղածութեամբ ու երկչոտութեամբ, բայց մեկնեցայ այդ տունէն շատ մեծ գոհունակութեամբ:
Մէկը ըսաւ`
– Մերսի քեզի…
Միւսը`
– Հինգշաբթի կը սպասէինք քեզ:
– Աղջիկս ալ կ՛ուզէ մասնակցիլ…
– Տուածս բաւարա՞ր է…
Անկուշտ ագահութեամբ կը մտնէի տուն` ճերմակ թղթէ պահարանիս բովանդակութիւնը ստուգելու համար, կը լեցուէր ու կը լեցուէր, ու ժպիտս կը լայննար…
Տիգրան Սարգիսեան Հայաստանի նախագահին յղած շնորհաւորական նամակին մէջ գրեր էր հետեւեալը.
«Ապագայի ամենայուսալի խորհրդատուն անցեալն է»: Եւ միթէ ԼՕԽ-ը չարդարացնէ՞ր իր ներկան` անցեալին տարուած աշխատանքներուն վրայ հիմնուելով:
Այդ թշուառ, անտէր, յուսալքուած ժողովուրդը կարողութիւն ունեցեր է իր յաջորդը ոտքի պահելու մասին մտածելու, տագնապեր է եւ կազմակերպուեր զինուորական կարգապահութեամբ: Ահա ԼՕԽ-ը կ՛ապացուցէ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնն ու գիտակցութիւնը հաւատքի: Շնորհիւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացողներուն ու նեցուկ կանգնողներուն, հայ ժողովուրդը պիտի նուաճէ դժուարութիւնները:
Շնորհակալութի՛ւն ժողովուրդ:
Շնորհակալութի՛ւն ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ