Սրտի Խօսք

ՍԵԴԱ ՈՒՆՃԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Լիբանանահայ օգնութեան խաչ,

Ողջո՜յն քեզ:

Նուիրուածութեան ամբողջական գիտակցութեամբ, մտայղացումէդ` ծնունդէդ մինչ օրս, ըլլալով զուտ կանացի կազմակերպութիւն, անվհատ, առանց ընկրկելու, հաստատ ու ինքնավստահ քայլերով կը շարունակես դիմակալել հայ կեանքը փոթորկող քաղաքական, տնտեսական, ընկերային այլազան դժուարութիւններ: Ո՛չ միայն կը շարունակես պահել գոյութիւնդ, այլ նաեւ կը դառնաս աւելի ու աւելի կենսունակ, առոյգ ու երիտասարդ՝  ընդարձակուելով դէպի միջազգային ոլորտներ, որպէս զուտ հայկական կանացի բարեսիրական կազմակերպութիւն:

Ողջո՜յն քեզ:

Կամաւորներու փաղանգ, որ յաճախ սեփական ընտանիքիդ կարիքները երեսի վրայ թողած, ազգային կարիքները հոգալու համար, ակնթարթի մը մէջ կը վերածուիս պարսերու` դառնալով ժողովուրդիդ վէրքերուն բալասան ու անոր տառապանքներուն սփոփանք: Սիրոյ ու զոհողութեան միեւնոյն ոգիով կ՛աշխատիս անձնուրացօրէն, մեծ ու անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցելով, բոլորին կարիքներուն հասնելով ո՛չ միայն առողջապահական, ո՛չ միայն նիւթական եւ մտաւոր, ո՛չ միայն ազգակիցներուդ ու համայնքիդ, այլ լիբանանեան առումով եւ նոյնիսկ Լիբանանի սահմաններէն ալ անդին…

Ողջո՜յն քեզ:

Դուն չես վարանիր նոր ակօսներ բանալու արդէն իսկ ընդարձակ գործունէութեանդ դաշտին մէջ, հեռու քմահաճ, շահակցական կամ սալոնային նկատումներէ ու դափնեպսակներէ, ընդհակառակն, փառքի նոր հիւսքեր աւելցուցի՛ր ու կ՛աւելցնես հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ` տարիներու բեղուն, պայծառ ու ծաւալուն բարեսիրական, կրթական, առողջապահական, մշակութային գործունէութեամբդ… բի՜ւր ողջոյն:

Ողջո՜յն քեզ, ձեզ:

Կանացի պատկառելի միութիւն, Լիբանանահայ կարմիր խաչուհիներ…

Անվարան բոլորդ ալ արժանի էք ջերմ գնահատանքի ու ժողովուրդի անվերապահ յարգանքին ու քաջալերանքին, ի մասնաւորի ապրիլեան սա ոչ գեղեցիկ ու փայլուն օրերուն… Յաջողութիւն ու բի՜ւր ողջոյն…

ԿԻՆԸ Ի՞ՆՉ ԿԱՐՈՂ Է ԸՆԵԼ…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )