Հայոց Ցեղասպանութեան Ձեռնարկներ
Իտալիա
Ապրիլ 24-ին Նափոլիի Ս. Քաթերինա Կիայա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Պատարագի աւարտին կարդացուեցաւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սարգիս Ղազարեանին ուղերձը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ երթ դէպի Նափոլիի Նահատակներու հրապարակ, ուր ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն` զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ:
* Ապրիլ 24-ին Միլանոյի Ս. Ամպրոճիօ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն աւարտին խօսքով հանդէս եկաւ Միլանոյի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Փիեթրօ Քուչուկեան:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ:
Ապա Միլանոյի քաղաքապետարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ քաղաքային խորհուրդի նախագահ Պազիլիօ Ռիցցօ:
Նոյն օրը Միլանոյի «Հայ տան» մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ, որուն ընթացքին խօսքով հանդէս եկան Միլանոյի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսը եւ Միլանոյի նահանգային խորհուրդի նախագահ Պրունօ Տափէի:
* Ապրիլ 24-ին Հռոմի Հրէական թաղամասին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Ելոյթ ունեցաւ դեսպան Սարգիս Ղազարեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժամանակին դատապարտուէր եւ ոճրագործութեան կազմակերպիչները արժանի պատիժի ենթարկուէին, աշխարհը ականատես չէր ըլլար այլ ցեղասպանութիւններու: Այնուհետեւ, դասախօսութեամբ հանդէս ունեցաւ Սիենայի համալսարանի պատմութեան դասախօս, յայտնի ցեղասպանագէտ Մարչելլօ Ֆլորես: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ համաժողով, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Մարչելլօ Ֆլորես եւ Հայաստանի դեսպանը:
* Ապրիլ 24-ին Պարի քաղաքի հայ համայնքին եւ «Հրանդ Նազարեանց» մշակութային կեդրոնին կողմէ Պարիի քաղաքապետարանի նիստերու սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ «Հայեր. ժողովուրդի մը մոռցուած ցեղասպանութիւն» խորագրով համաժողով, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Լեչէի համալսարանի դասախօս, փրոֆ. Կ. Բոլոյեանի կողմէ մշակուած ձեռնարկ` ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ կնոջ` Աղաւնի Պօղոսեանի յուշերուն մասին:
Համաժողովին կարդացուեցաւ դեսպան Ղազարեանին ուղերձը: Աւարտին կազմակերպուեցաւ երթ` դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքար-յուշարձանը:
Նոր Ջուղա
* Ապրիլ 23-ին Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, որուն յաջորդեց լռութեամբ մոմերով երթը, դէպի Ս. Ամենափրկչեան վանք: Ապա մոմերը դրուեցան վանքին մէջ վեր խոյացած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանի մօտ, ինչպէս նաեւ պատուանդանի վրայ դրուած, Տէր Զօրէն բերուած հայ նահատակներու մասունքներու շուրջ:
Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին անունով ելոյթ ունեցաւ խորհուրդի փոխատենապետ Վրէժ Շիրւանեան, որ շեշտեց թէ կը պահանջեն միջազգային իրաւասու դատարաններու մէջ Թուրքիոյ պետութեան դատի յանձնելը` հայ ժողովուրդին ցեղասպանութեան ենթարկելու եւ հայրենազուրկ դարձնելու, հայութեան պատմամշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու ու նիւթական հարստութիւնը սեփականացնելու համար:
Ապա «Թադէոս Թադէոսեան» պատանեկան միութեան խօսքը կարդաց Վահագն Խուդաբախշեան, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան խօսք առնելով` հաստատեց, որ հայ ազգը, բոլոր դժուարութիւնները դիմագրաւելով, մնաց ուժեղ եւ հզօր` անարատ պահելով իր ինքնութիւնը:
Բողոքի համահաւաքը աւարտեցաւ մոմավառութեամբ:
* Ապրիլ 24-ին Ս. Ամենափրկիչ վանքի շրջափակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման Նոր Ջուղայի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սարինէ Յարութիւնեան խօսք առնելով` շեշտեց, որ պէտք է համոզուինք, որ Հայ դատն է մեր առօրեան, մեր կեանքի կարեւոր բաժինը, մեր մտածումներու եւ մտահոգութիւններու գերագոյն խնդիրը եւ օրակարգը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Ապա Իրանի Իսլամական Խորհրդարանին մէջ հարաւային իրանահայութեան երեսփոխան Ռոպերթ Բեկլարեան խօսք առնելով` հաստատեց, թէ Հայ դատի լուծման ծիրին մէջ եւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ հաւանաբար նոր իրադարձութիւններու ականատեսն պիտի ըլլանք: Ապա տեղի ունեցաւ բողոքի քայլարշաւ:
* Ապրիլ 19-ին տեղի ունեցաւ երթ` դէպի Ն. Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանք: Մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Շահինշահր
* Ապրիլ 23-ին Շահինշահրի Հայոց ազգային «Սրբոց Վարդանանց» դպրոցի բակին մէջ կառուցուած Ապրիլեան եղեռնի յուշարձան-խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Շահինշահրի հայ համայնքի վարչութեան ներկայացուցիչ Մարիթա Քեշիշեան կարդաց համայնքի վարչութեան Ապրիլեան եղեռնի առթիւ հրապարակած կոչը, որուն մէջ նշուած էր, թէ թուրքերը դեռ 1915 թուականէն շատ առաջ ծրագրած էին ցեղասպանութիւն գործել եւ ոչնչացնել ու բնաջնջել հայութիւնը: Մարիթա Սարեան կարդաց նաեւ Ապրիլեան եղեռնի 98-ամեակի ոգեկոչման Շահինշահրի յանձնախումբին խօսքը, որուն մէջ դարձեալ շեշտուած էր` հայութեան բեկորներու միասնականութեան եւ միակամ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, որով հայ ժողովուրդը պիտի կարենայ իր կոչը ուղղել համայն աշխարհին եւ իր ձայնը լսելի դարձնել` իր արդար իրաւունքներու վերատիրացման նպատակով: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն յաջորդեց ծաղիկներու եւ ծաղկեպսակներու զետեղում ապրիլեան զոհերու յուշարձանին առջեւ:
Աւարտին Շահինշահրի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեան իր պատգամին մէջ վստահեցուց, որ Ապրիլեան եղեռնին նուիրուած ծրագիրները մեր նոր սերունդի կեանքին մէջ կը բանան նոր էջ, որը կ՛առաջնորդէ դէպի Հայ դատի արդար հատուցում եւ աննահանջ պայքար:
Համահաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ նստացոյց Շահինշահրի համայնքի երիտասարդներու միջոցով, որուն հսկեց անձամբ հայր սուրբը:
* Ապրիլ 24-ին, Շահինշահրի «Սրբոց Վարդանանց» դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն յաջորդեց համահաւաք եւ բողոքի քայլարշաւ:
Բողոքի ցոյցի աւարտին Անանիա վրդ. Գուճանեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ 24 ապրիլ` կը նշանակէ նահատակներու արեան կանչի օր, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ վայրագութեան եւ անգթութեան փաստ եւ իրողութիւն, մեր հողերու եւ նահատակներու հոգիներու եւ արեան պահանջատիրութեան օր:
Պուլկարիա
Ապրիլ 24-ին Սոֆիայի հայկական գերեզմանատան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղուեցան: Ելոյթով հանդէս եկաւ դեսպան Սհոյեան, որ շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հետեւանքներու վերացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ դատապարտեց ժխտողական քաղաքականութիւնը:
Այնուհետեւ Սոֆիայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան Ս. պատարագ: Թեմի առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 20-րդ դարասկիզբին իրագործուած ցեղասպանութեան:
Փլովտիւ
Ապրիլ 24-ին Փլովտիւի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում` խաչքարին դիմաց: Փլովտիւի հոգեւոր հովիւ Գէորգ Ա. քհնյ. Խաչերեան իր խօսքին մէջ նկարագրեց այն անմարդկային ոճրագործութիւնները, որոնցմէ անցած է հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ երթ` Փլովտիւի կեդրոնական փողոցներուն մէջ:
* Ապրիլ 24-ին Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ, որուն յաջորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշաքարի առջեւ: Բարթողիմէոս քհնյ. Յակոբեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց ազգային հարցերու շուրջ հայութեան համախմբումը:
Այնուհետեւ Վառնայի հայ երիտասարդները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր, որուն յաջորդեց երթ` դէպի Վառնայի քաղաքապետարան, որուն մօտ կը գտնուի հայ նահատակներու յուշարձանը: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եկեղեցական վարչութեան անդամ Էտմոնտ Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ դատապարտեց մարդկութեան անտարբերութիւնը ինչպէս Եղեռնի տարիներուն, նոյնպէս ալ այսօր, երբ թուրքը կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը: Ան կոչ ուղղեց շարունակելու հպարտութեամբ կրել հայու ինքնութիւնը:
Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Սարգիս Սարգիսով իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մարդկային գազանային բնազդի անսահմանափակութեան` շեշտելով, որ հայ ազգը չ՛ուզեր, որ որեւէ այլ ազգ զգայ ու վերապրի այդ բոլոր ոճիրները, որ ապրեցաւ ինք:
Պուլկար Ուղղափառ եկեղեցւոյ Վառնայի թեմի առաջնորդ Կիրիլ միտրոպոլիտ իր խօսքին մէջ դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` միաժամանակ զուգահեռներ գծելով հայ եւ պուլկար ժողովուրդներու ճակատագիրներու միջեւ:
Աւարտին ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան հայ նահատակներու յուշարձանին դիմաց:

