Ո՞վ Է «Ճաղատ Սոփրանոն»
23 մայիսէն սկսեալ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը հանրութեան պիտի ներկայանայ Է. Իւնեսքոյի «Ճաղատ Սոփրանոն» թատերախաղով` բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին: Նիւթը կը խօսի առօրեայ կեանքին մասին: Հոն կը տեսնենք սէր հանդէպ կրակի, բանաստեղծութեան, վիպակներու:
Իւնեսքօ հանրածանօթ է որպէս անհեթեթ, արտասովոր եւ տարօրինակ թատրոնի հեղինակ: Ան ռումանացի է, գրած եւ ստեղծագործած է ֆրանսերէն լեզուով:
Թատերախաղին մէջ դերեր ստանձնած են Յասմիկ Թաշճեան, Զաւէն Պաաքլինի, Վարդան Ազնաւորեան, Վանան Մանճիկեան, Յովսէփ Գափլանեան, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Հրակ Փափազեան, Հրայր Գալեմքէրեան, Հերմինէ Նիւրփէթլեան եւ «Կօշիկը»:
Բաւական հետաքրքրական եւ նորութիւն բերող թատերական գործ մը պիտի ներկայացուի լիբանանահայութեան:
CATEGORIES Անդրադարձ

