«Այլազան Գրութիւններու Ժողովածու» (Հեղինակ` Վարդգէս Շամլեան) (Իրաւաբան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Իրաւաբան Վարդգէս Շամլեան 2011-ին Մոնրէալի մէջ լոյս ընծայեց «Այլազան գրութիւններու ժողովածոյ» խորագրեալ իր ուսումնասիրական գործը:
Հեղինակը ցարդ հրատարակած է հետեւեալ երկերը. «Իրաւաբանին խղճմտանքը» (Համազգայինի տպարան, Պէյրութ, Լիբանան, 1980), «Ծեր կաղնիներու շուքին» (Տպարան Մշակ, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա, 1987), «Ուխտագնացութիւն դէպի Պերլին» (Տպարան Մշակ, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա, 1991), «Հայ հին իրաւունքի պատմութիւն» եւ «Այլազան գրութիւններու ժողովածոյ» (Մոնրէալ):
Յիշեալ հատորը կը բաղկանայ 192 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ երեք գլխաւոր բաժինները. առաջին բաժինը կը բովանդակէ պատմագիտական եւ հայագիտական նիւթեր, երկրորդը` ազգային, կրօնական եւ այլազան հարցեր, իսկ երրորդը` թարգմանութիւններ:
Հատորին առաջին մասին մէջ Վարդգէս Շամլեան կը նկարագրէ հին Հայաստանի նախարարական կարգը եւ պալատական կեանքը` շեշտելով այն իրողութիւնը, թէ մինչեւ 1045 թուականը, հայոց պատմութիւնը իր քաղաքական, տնտեսական եւ այլ մարզերով հիմնուած էր նախարարական վարչակարգի վրայ:
Այս յղացքով, հեղինակը կ՛ըսէ, թէ պալատական խրախճանքներու ընթացքին նախարարները կ՛ընդունուէին ու կը մեծարուէին սրահներու մէջ` համաձայն նախարարական աստիճանակարգի: Թէ` կար օրէնք մը, որ կը ճշդէր նախարարի մը աւագ թէ կրտսեր ըլլալու հանգամանքը: Արդարեւ, հեղինակը կ՛ըսէ նաեւ, որ հայ պատմագիրներ եւ մատենագիրներ կը յիշեն գահնամակ խորագրեալ մագաղաթեայ վաւերագրական փաստաթուղթ մը, որ կու տայ ճշգրիտ ծանօթութիւն հայ նախարարական տուներուն եւ անոնց դիրքին մասին:
Ապա, այլ գրութեամբ, Վարդգէս Շամլեան կ՛անդրադառնայ այն հարցին, թէ ստրուկներ գոյութիւն ունեցած են պատմական Հայաստանի մէջ Աքեմենեան տիրապետութենէն մինչեւ Բագրատունեաց հարստութեան անկումը (1045), երբ ստրկութիւնը կը կորսնցնէ իր նախկին նշանակութիւնը:
Կ՛ըսէ, թէ հին Հայաստանի մէջ ստրուկները կը բաժնուէին չորս տեսակ խումբերու. արքունի, ճորտացած, տնային եւ տաճարական կամ եկեղեցական ստրուկներ:
Ստրուկները կը համարուէին առեւտուրի առարկաներ, որոնք ենթակայ էին արտածման եւ զրկուած ըլլալով սեփական իրաւունքէ` չէին կրնար ստանձնել հասարակական որեւէ պաշտօն:
Կ՛ըսէ, թէ ստրկութիւնը ունենալով ժառանգական բնոյթ, ստրուկներու զաւակները կը մնային ցմահ ստրուկ: Նոյնպէս, ընկեցիկ երեխաները պարտադրաբար կը ստրկանային: Ստրուկներու առուծախը սովորական երեւոյթ էր: Այս առումով, նոյնիսկ հայր մը իրաւունք ունէր ծախելու իր հարազատ զաւակները:
Այլ յօդուածով Վարդգէս Շամլեան կ՛արծարծէ նաեւ այն հարցը, թէ արդեօք հայ գիրերու գիւտէն առաջ հայկական գրականութիւն գոյութիւն ունէ՞ր, թէ՞ ոչ: Կ՛ըսէ, թէ այս հարցին կապակցութեամբ հայագէտները կը բաժնուին երկու գլխաւոր խումբերու: Առաջին խումբին մաս կազմող հայագէտներ` ակադեմական Հ. Աճառեան, Ս. Մալխասեանց, Հ. Մանանդեան, Մ. Աբեղեան եւ ուրիշներ կ՛արտայայտեն այն համոզումը, թէ Մեսրոպ Մաշտոցէն առաջ գոյութիւն չունէին հայ գիրն ու գրականութիւնը: Իսկ փրոֆ. Ք. Պատկանեան, ակադեմիկոս Ն. Մառ եւ Յ. Օրբէլի եւ ուրիշներ, որոնք կը պատկանին երկրորդ խումբին, կ՛ընդունին այն տեսակէտը, թէ Սուրբ Մեսրոպէն առաջ կար հայ գրականութիւն:
Իր կարգին, հայագէտ Ա. Աբրահամեան գիտական փաստարկութիւններով կը պաշտպանէ այն կարծիքը, թէ Սուրբ Մեսրոպէն կամ 5-րդ դարէն շատ առաջ մեհեաններու մէջ կային հայերէն թէ՛ գիր եւ թէ՛ գրականութիւն: Եզրակացնելով վերոյիշեալ վիճելի հարցը` Ա. Աբրահամեան կ՛ըսէ. «Ժողովուրդ մը, որ ստեղծած է դպրութեան (գրականութեան) աստուած, ուրեմն ան անպայման ունեցած է նաեւ դպրութիւն»:
Այլ առիթով Վարդգէս Շամլեան կը ներկայացնէ կրօնական այն աւանդութիւնը, զոր պատմահայր Մովսէս Խորենացի փոխանցած է մեզի: Այսպէս, ըստ յիշեալ աւանդութեան, հայոց Աբգար թագաւորը որոշ առաքելութեամբ կ՛ուղարկէ երեք իշխաններ Միջագետք, հռոմայեցի հազարապետ Սաբինոսին: Յիշեալ իշխանները իրենց առաքելութեան աւարտին, Հայաստան վերադառնալէ առաջ, Երուսաղէմ կը մտնեն տեսնելու համար Քրիստոսը: Անոնք ականատես կ՛ըլլան Յիսուսի հրաշագործութիւններուն, որոնց մասին, Հայաստան գալէ ետք, կը պատմեն Աբգար թագաւորին, որ այս շրջանին կը տառապէր մարմնական ցաւերէ: Այս առիթով Աբգար թագաւորը նամակ մը կը յղէ Յիսուսին` խնդրելով, որ անձամբ գայ Հայաստան եւ բուժէ իր հիւանդութիւնը:
Յիսուս, իր կարգին, Թովմաս առաքեալին ձեռքով գրուած նամակ մը կ՛առաքէ Աբգար թագաւորին` խոստանալով կատարել, իր համբառնալէն ետք, հայոց թագաւորին բաղձանքը: Արդարեւ, Յիսուսի համբառնալէն ետք, Թովմաս առաքեալին թելադրանքով, Թադէոս առաքեալ կու գայ Հայաստան, ուր կը բժշկէ ո՛չ միայն Աբգար թագաւորը, այլ կը բժշկէ եւ քրիստոնեայ կը մկրտէ նաեւ բազմաթիւ հիւանդներ եւ ախտաւորներ:
Յայտնապէս խանդավառ Քրիստոսի հրաշագործ հաւատքով` Աբգար թագաւորը կը գրէ նամակ մը Հռոմի Տիբերիոս կայսրին, խնդրելով, որ ան եւս հետեւի իր օրինակին եւ դառնայ քրիստոնեայ:
«Անկապ յուշեր» խորագրեալ գրութեամբ Վարդգէս Շամլեան կ՛ողջունէ Համազգայինի հիմնադրութեան 80-ամեակը` յայտնելով, թէ 28 մայիս 1928-ին Օհանջանեան, Շանթ, Աղբալեան, Իփէկեան, Եսայեան կը հիմնէին Համազգայինի կրթական եւ մշակութային ընկերակցութիւնը: Ուրախութեամբ կ՛աւետէ նաեւ այն լուրը, թէ 1930-ին Պէյրութի մէջ կը հիմնուէր Հայ ճեմարանը, որ կը գոյատեւէ տասնամեակէ տասնամեակ, հակառակ շրջապատի աննպաստ պայմաններուն: Սոյն յօդուածին գլխաւոր դէմքը կը հանդիսանայ Սիմոն Վրացեան, որ «Համազգայինի համար հեռանկար ունեցող մարդ էր, որուն մահով հայութիւնը կը կորսնցնէր իր իմաստուն ռահվիրան», կ՛ըսէ Վարդգէս Շամլեան:
Հեղինակը ստորագրած է նաեւ այլ յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին կուսակրօն եկեղեցականներու ամուսնութեան, Ազգային սահմանադրութեան եւ Մոհամետ մարգարէին ծաղրանկարներուն:
Կատարած է կարգ մը թարգմանութիւններ` օտար գրողներու յօդուածներէն, որոնք լոյս տեսած են հատորի վերջին բաժինով: Յիշեալ թարգմանութիւններու մէջ ուշագրաւ է «Ալպեր Քամիւ` յաւերժական օտարերկրացին» (1913-1960) խորագրեալ գրութիւնը, ուր կը պատկերացուի դիպուկ բնորոշումներով այն բախումը, որ տեղի կ՛ունենայ ֆրանսացի յառաջապահ երկու գրագէտներու` Ժան Փոլ Սարթրի եւ Ալպեր Քամիւի միջեւ:
Արդարեւ, կ՛ուզենք հաստատել, թէ իրաւաբան Վարդգէս Շամլեան «Այլազան գրութիւններու ժողովածոյ» խորագրեալ հատորով կը ներկայացնէ հին Հայաստանի մշակութային աւանդներն ու պատմագրական հարցերը, որոնց վիճելի հանգամանքը ան կը պարզէ պատմագէտի յատուկ վերլուծումներով:
Օգոստոս 2012
Պէյրութ

