Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. Դասախօսութիւն` Արեան Ճնշումի Նորագոյն Դեղին Մասին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան, երէկ` ուրբաթ, 10 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն: Օրուան բանախօսն էր սրտաբան տոքթ. Սահակ Քէշիշեան:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց միութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր դասախօսութիւնը:

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան խօսեցաւ արեան ճնշումի նորագոյն դեղին մասին, որ իր մէջ կը ներառէ 2 տեսակ դեղեր: Այս 2 դեղերուն իրարու հետ գտնուելու առաւելութիւնը այն է, որ մէկը միւսին կողմնակի տհաճ երեւոյթները կը չէզոքացնէ:

Ան նաեւ յայտնեց, որ ասիկա ամէնէն աւելի ուսումնասիրուած դեղորայքի տեսակն է` աւելցնելով, որ մօտաւորապէս 150 հազար հիւանդներ ընդգրկուած են այս դեղի ուսումնասիրութեան մէջ եւ փաստուած է, որ արդիւնաւէտ դեղ մըն է ոչ միայն արեան ճնշումը իջեցնելու, այլեւ հիւանդը փրկելու սրտանօթային համակարգին հետ կապուած բարդութիւններէ եւ հիւանդութիւններէ: Տոքթ. Քէշիշեան հաստատեց, որ սոյն դեղը իր դրական ազդեցութիւնը ունի շաքարախտի վրայ, եւ այս դեղը գործածող անձերը աւելի քիչ հաւանականութիւն ունին, որ շաքարախտէ վարակուին: Ան նաեւ յայտնեց, որ եթէ նոյնիսկ անձ մը շաքարախտ ունի, այս դեղը կը նպաստէ, որ շաքարը նուազի արեան մէջ:

Աւարտին խօսք առաւ վարչութեան ատենադպիր տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան, որ կարգ մը յայտարարութիւններ կատարեց միութեան մասին: Ան նաեւ յայտնեց, որ կիրակի, 19 մայիսին տեղի պիտի ունենան բժիշկներու սենտիքայի ընտրութիւնները, եւ այս ընտրութիւններուն Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան թեկնածուն է տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )