Կիրակի, 12 Մայիսին. Ճատրակի Մրցաշարք` Ռուսիոյ Մշակութային Կեդրոնին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Ռուսիոյ մշակութային կեդրոնին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 12 մայիսին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը վերոնշեալ կեդրոնին մէջ` Պէյրութի Վերտան փողոց, «Մանտարին» ճաշարանին դիմաց:

Մրցաշարքը պիտի ըլլայ ընդամէնը 6 հանգրուան: Իւրաքանչիւր հանգրուանի տեւողութիւնն է 30 վայրկեան (իւրաքանչիւր խաղացողի համար` 15 վայրկեան), որուն վրայ կ՛աւելնայ 5 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր շարժումի համար:

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Հիւսէյն Համմուտէն տեղեկացանք, որ այս մրցաշարքին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ անվճար: Մրցանակակիրները պիտի ստանան բաժակներ, մետալներ եւ այլ յիշատակի նուէրներ:

Սակայն հակառակ ասոր, մասնակցողները պարտին իրենց անունները արձանագրել կապ հաստատելով Հիւսէյն Համմուտի (03-771795) եւ կամ Նետիմ Համմուտի հետ (71-107597):

Share this Article
CATEGORIES