Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Թատամոն Զուք – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 47- 52
Երէկ երեկոյեան Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Թատամոն Զուք – ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, իր կատարած առաջին մրցումին ՀՄԸՄ Պէյրութ բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարելէ եւ լաւ խաղարկութիւն ունենալէ ետք յաղթած էր առաջին ճակատումին:
Երէկուան երկրորդ հանդիպումը աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի 52-47 արդիւնքով:.
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով 19-17, 11-11, 7-12 եւ 10-12:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Րուտի Ֆարրաժ` 15, Ճօ Ղաթթաս` 14 եւ Ռալֆ Աաըլ 13:
Երկու խումբերուն միջեւ երրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 13 մայիսին. երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար կը բարձրանայ Ա. դասակարգ:

