ՀԲԸՄ – ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբի «Լեռներու Կանչը» Խորագիրով Ելոյթը

Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ – ՀԵԸ-ի Լիբանանի Կեդրոնական վարչութեան, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին Էմիլ Լահուտի անուան համագումարներու պալատին մէջ ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ – ՀԵԸ «Արին» պարախումբը` «Լեռներու կանչը» խորագիրը կրող յայտագիրով մը: Գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց` Գայեանէ Մածունեան, համագործակցութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեանի:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄ – ՀԵԸ-ի Լիբանանի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան: Ան հաստատեց, որ ՀԵԸ-ը կը քաջալերէ մշակոյթի զարգացումը եւ մանաւանդ հայաշունչ ոգին: Ան նկատել տուաւ, որ «Արին» պարախումբը անցեալ ամառ մասնակցած է «Հայաստան» փառատօնին` արժանանալով հայրենի հանդիսատեսին եւ մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գնահատանքին:

Այնուհետեւ 160 անդամներէ բաղկացած «Արին» պարախումբը ներկայացուց 25 պարեր: Յայտագիրը բաժնուած էր 2 մասի: Առաջին բաժինով ներկայացուեցաւ հայ աւանդական պարերու փունջ մը, ինչպէս` «Փափուռի», «Շաւալի-խոշ պիլազիկ», «Շարանի», «Կարնոյ քոչարի», «Մածուն եմ դրել վըր դարում», «Շատախի ռազմապար», «Թարս պար», «Ծաղկաձորի», «Եարխուշտա», «Սղերդի քոչարի»: Սոյն պարերը բեմադրած էին Գագիկ Գինոսեան եւ Գայեանէ Մածունեան: Երկրորդ բաժինը ձօնուած էր հայ դասական երաժշտութեան տիտան Արամ Խաչատուրեանին` անոր ծննդեան 110-ամեակին առիթով, բեմադրութեամբ` Գայեանէ Մածունեանի եւ Վարդան Մկրտիչեանի:

Այս բաժինին մէջ ներկայացուեցան «Աստղի մը ծնունդը»` Գայեանէի պարը – «Գայեանէ» պալէ, «Աշխատանք արշալոյսին», «Հունձք», «Մուրճ եւ մանգաղ», «Հոկտեմբերիկներ», «Ազգի մը ապագան», «Քեֆ արեւամուտին», «Հարսանեկան պար», «Պատերազմ», «Սեւ օրեր», «Պայքար», «Ձնծաղիկներ», «Տօն», «Յաղթանակի օր», «Յարգանք» եւ «Յաղթական սլացք» պարերը:

Արդարեւ, պարախումբի անդամները պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի հսկողութեան ներքեւ կրցած էին թափանցել աւանդական պարերուն եւ հայկական հարուստ մշակոյթին խորքը, ինչ որ արտացոլաց պարերու արհեստավարժ կատարման ընդմէջէն:

Յայտնենք, որ «Արին» պարախումբի ելոյթները պիտի շարունակուին նաեւ այսօր` շաբաթ, 11 մայիսի  երեկոյեան ժամը 8:30-ին եւ վաղը` կիրակի, 12 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Share this Article
CATEGORIES