Հայկական Երգն Ու Երաժշտութիւնը Ի Պատուի` Վիգէն Դարբինեանի Ընդմէջէն

Երէկ` ուրբաթ, 10 մայիս 2013-ի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի «Պատկեր» կեդրոնին մէջ տիրական էին հայ երգն ու երաժշտութիւնը, հայկականութեամբ յագեցած էր մթնոլորտը եւ հարազատն ու արժէքաւորը հարազատ մեկնաբանութեամբ մատուցելու իւրայատկութեամբ թաթաւուն էր ձեռնարկը:

Հայկական ժողովրդական երգերու հարազատ մեկնաբան Վիգէն Դարբինեանի «կարօտ»¬ով ներկաները ողջունեցին «սարի սիրուն եարը», մատաղ եղան անոր «կեանքի արեւին», մեռան «սարերի հովին» համար, եւ լսեցին հայոց սարերէն ու դաշտերէն արձագանգող «Հինկալա»-ն…

Հայութեան ճակատագիրի անբաժանելի հանգրուանները վաւերագրող եւ մարմնաւորող «Կարաւան» երգով ներկաները փոխադրուեցան յատկապէս սփիւռքահայութեան համար շատ յատկանշական եւ ճակատագրական ժամանակաշրջան մը, իսկ «Զինուորին մօր երգ»¬ով միախառնուեցան ուրախութիւնն ու ցաւը… Ուրախութիւն` յաղթանակ կերտելու խոստում տուող զինուորին վճռակամութեան համար, ցաւ` մօր ու որդիի կարօտագին պահերուն եւ յուզումնալի զգացումներուն համար:

Յատկանշական էր ամէն հայու հոգւոյն ծննդավայրը հանդիսացող «Եկեղեցին հայկական»¬ի մեկնաբանութիւնը, զոր Վիգէն Դարբինեան կատարեց հոգեգրաւ եւ հոգեպարար կերպով` եկեղեցւոյ արժէքը անգամ մը եւս հաստատելով հայկական իրականութեան մէջ:

Երգը ո՛չ միայն մեկնաբանող, այլ իւրաքանչիւր բառն ու երաժշտական իւրաքանչիւր ձայնանիշը ապրող, իր ապրումները կատարելապէս դիմացինին փոխանցող Վիգէն Դարբինեան պատմեց «կռունկներ»-ուն մասին, գովաբանեց «Նուպարին պոյը», ապա հպարտութեամբ թնդացուց յիշատակը  «անվերադարձ մահով» մեկնողներուն, որոնք երբեք չեն հեռանար մեզմէ, այլ կը շարունակեն մնալ սերունդներուն պատգամներ փոխանցող 5 անմահ հայդուկներ…

Ապա Վիգէն Դարբինեան ներկաները առաջնորդեց իր իւրայատուկ աշխարհը` հրամցնելով իր հեղինակած «Պէտք էր ըսէի»¬ն, «Ձանձրացայ»¬ն եւ «Ժպիտն ու արցունքներ»-ը, որոնք իւրաքանչիւր անհատի սրտին խօսող եւ սրտէն բխող պատկերներով ու պատգամներով լեցուն են: Անոնք կը պատմեն առօրեային մասին, խոստովանութիւններ կ՛ընեն, կը պոռթկան ու կը մեղմանան, կը սիրեն ու կը վշտանան, կը պեղեն յիշատակներ, կը յայտնեն փափաքներ, կը տրոփեն կեանքով…

Մէկ երեկոյի ընթացքին արուեստագէտը կրցաւ մէկտեղել հայոց պատմութիւնն ու ներկան, ազգայինն ու համամարդկայինը, ցաւն ու հպարտութիւնը, սէրն ու կարօտը… Ան երգեց մարդուն, հայուն, հայրենիքին եւ աշխարհին մասին, նաեւ` անոնց համար:

Վիգէն Դարբինեան երգեց, խանդավառեց, յուզեց, հպարտութիւն առթեց, կարօտ արթնցուց, ըսաւ այն, ինչ որ շատեր չեն յանդգնիր ըսել, ներկաներուն մատուցեց հայկական երգի պանծացման երեկոյ մը:

Արուեստագէտը չմերժեց ներկաներուն խնդրանքները, որոնց անսալով եւ տիրող ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտէն մեկնած` մեկնաբանեց նաեւ քանի մը այլ երգեր:

Հայ երգը իր հարազատութեամբ պահպանելու եւ անարատ երաժշտութիւնը չխեղաթիւրելու ռահվիրաններէն հանդիսացող Վիգէն Դարբինեանի հետ հանդիպումը ինքնին պատգամ էր եւ կոչ` սիրելու հարազատը, կառչելու հայկականին եւ պահպանելու իսկական ժառանգը:

Share this Article
CATEGORIES