Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Արտասանական Մրցում` Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան ուսումնական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 10 մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ արտասանական մրցում` մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու աշակերտութեան:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային Աբգարեան վարժարանի աշակերտ Նանօր Գոճայեան: Ան նկատել տուաւ, որ 2013 տարին Արամ Ա. կաթողիկոս հռչակած է «Հայ մօր տարի», եւ այդ առիթով այս տարի արտասանական մրցումի նիւթը հայ մայրն է: Ան շեշտեց, որ մենք պարտական կը զգանք մենք մեզ փառաբանելու հայ մայրերը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մրցումը, որ բաժնուած է երեք մասի: Ա. Բ. Գ. դասարաններէն 7 մասնակցողներ, որոնց պարտադիր կտորն էր «Նուէր մայրիկիս», Դ. Ե. Զ. դասարաններէն 7 մասնակցողներ, որոնց պարտադիր կտորը` «Դերենիկը», իսկ Է. Ը. Թ. դասարաններէն 4 մասնակցողներ, որոնց պարտադիր կտորը` «Հայ մամիկին աղօթքը»: Իւրաքանչիւր մասնակցող մեկնաբանեց նաեւ ազատ կտոր մը:
Աւարտին դատական կազմը, որ բաղկացած էր Սօսէ Ճինպաշեանէ, Զարուկ Պօշնաքեանէ եւ Մաքրուհի Երկանեանէն, ընտրեց մրցանակակիրները:
Ա. Բ. Գ. խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Ազգային Աբգարեան վարժարանէն Հերմիկ Աբրահամեան, երկրորդ` Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանէն Իզապէլ Խաչատրեան, երրորդ` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն Սեւան Սարգիսեան:
Դ. Ե. Զ. խմբակէն առաջին հանդիսացան Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանէն Դրօ Միրզայեան եւ Եղիշէ Մանուկեան վարժարանէն Աննա Պարսամեան, երկրորդ` Ռուբինեան վարժարանէն Բալիկ Մարսէլեան, երրորդ` Աբգարեան վարժարանէն Ժորժեթ Թեփերճեան:
Է. Ը. Թ. խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճէն Անժելինա Սարգիսեան, երկրորդ` Եղիշէ Մանուկեան վարժարանէն Գարէն Այվազեան, երրորդ հանդիսացան Ս. Խանամիրեան վարժարանէն Սիլվի Սանճօղլանեան եւ Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն Լիլիթ Աբրահամեան:
Բոլոր մասնակցողները, նաեւ մրցանակակիրները ստացան նուէրներ, տրամադրուած` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդէն:
Նշենք, որ ձեռնարկի ընթացքին մերթ ընդ մերթ բոլոր վարժարանները մասնակցութիւն բերին գեղարուեստական բաժինով:

