Ներկայութեամբ Բազմահարիւր Հայորդիներու. Շուշիի Ազատագրութեան 21-ամեակի Մեծաշուք Եւ Արժանավայել Տօնակատարութիւն
Շուշիի ազատագրութեան 21-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 10 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Վարդան Ադամեանի, հոգեւոր հայրերու եւ քոյրերու, կրթական պատասխանատուներու, արցախեան պայքարի ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի ընտանիքի անդամներուն, ծնողներու եւ նախկին ու նոր մեսրոպեանականներու:
ՀԿՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու նուագէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի երգչախումբի աշակերտները երգեցին Արցախի քայլերգը: Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Մեղրի Չարըգեան, որ նշեց, թէ Շուշիի աշխարհագրական եւ ռազմական դիրքին կարեւորութիւնը Շուշիի ձեռքբերումը վերածեց յաղթանակներու յաղթանակին, Արցախի միջնաբերդի ամրապնդման:
Չարըգեան ըսաւ, որ Շուշիի ազատագրումէն 21 տարիներ ետք, այսօր գոյութիւն ունի Շուշին պահելու խնդիր, որուն իրականացման համար իւրաքանչիւր հայ, ո՛ւր որ ալ գտնուի, մեծ թէ փոքր, ունի իր պարտականութիւնը` զօրակցելու Արցախին, մասնակից դառնալու վերականգնման աշխատանքներուն եւ ի հարկին դառնալու սահմաններու պահակը:
Ապա Մարիլին Գասարճեան ասմունքեց «Արցախի լեռներ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք Նարօտ Ադամեան ջութակով եւ Անի Գասպարեան դաշնամուրով նուագեցին երկու ստեղծագործութիւններ:
Շուշիի պանծալի յաղթանակին հերոսներու զոհաբերութիւնը արժեւորող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, վարժարանի «Հաւասի» աշուղական համոյթը երգեց «Ղարաբաղ իմ», «Հայոց Երկիր» եւ «Յառաջ Հայաստան» երգերը: Խումբի գեղարուեստական պատասխանատուն է Գարմէն Աճեմեան:
Օրուան պատգամը փոխանցեց դոկտ. Լեւոն Աւետանեան, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին, Շուշին մարմնաւորած է հայու ինքնուրոյնութիւնը եւ ազատ ու անկախ ապրելու ազգային բնազդը: Ան ըսաւ, որ Շուշիի ազատագրման ազդեցութիւնը ակնյայտ էր պատերազմական հետագայ գործողութիւններուն վրայ եւ քաղաքի ազատագրումին յաջորդեց Լաչինի միջանցքի բացման բարեյաջող գործողութիւնը, որ ճեղքեց Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման օղակը:
Դոկտ. Աւետանեան հաստատեց, որ այսօր ազգովին կը գտնուինք Շուշին վերականգնելու եւ վերաբնակեցնելու մարտահրաւէրին դիմաց, որ պարտաւորութիւն է եւ հրամայական: Իր խօսքի աւարտին, բանախօսը շեշտեց, որ Շուշիի ազատագրման կռիւներուն 57 նահատակները հետեւեցան գաղափարական պատուիրաններուն, եւ մենք` ապրողներս, պէտք է ապրինք ու գործենք նոյն պատուիրաններով:
Բանախօսութեան յաջորդեց վարժարանի նուագախումբին կատարումը. վերջինս նուագեց «Արդեօք ովքեր են» եւ «Ղարաբաղ»-ը: Նուագէն ետք Լիզա Հայրապետեան ասմունքեց «Ձօն» բանաստեղծութիւնը: Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ վարժարանի երգչախումբին կատարողութեամբ արցախեան երգաշարի ներկայացումով, խմբավարութեամբ` Մանուէլ Քէշիշեանի: Ապա «Շուշի» պարախումբը պարեց «Տրնթէզ»-ը, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Պարախումբի պարուսոյցն է Սարին Արթինեան:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ հաստատեց, որ Մեսրոպեան վարժարանը իր առաքելութեամբ կը հետեւի Վիգէն Զաքարեաններու ուղիին` տէր կանգնելով հայրենի հողին, արժէքներուն եւ ժառանգութեան: Կրեկուար Գալուստ յայտնեց, որ Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս է, եւ Շուշիի յաղթանակը վերանորոգեց հայութեան պայքարելու կամքն ու ոգին:
Շուշիի ազատագրութեան 21-ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ գերապայծառ Մանուէլ եպս. Պաթաքեանի պահպանիչով եւ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ «Սարդարապատ» յաղթերգով: