«Սուրիոյ Տագնապի Եւ Իրանի Հիւլէական Թղթածրարի Լուծումները Քաղաքական Են Եւ Ոչ Թէ Զինուորական» Կ՛ըսէ Հէյկըլ
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի հարցերուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ տագնապին եւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին լուծումները քաղաքական են եւ ոչ թէ զինուորական:
Փենթակոնի ղեկավարը Միջինարեւելեան քաղաքականութեան Ուաշինկթըն հիմնարկին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ տագնապներու աւելի ազդու եւ յարատեւ լուծումները քաղաքական են եւ ոչ թէ զինուորական` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու դերը դիւանագիտական միջոցներով եւ իրենց դաշնակիցներուն հետ համակարգաբար զարգացումներու ընթացքին ազդելն է:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու պատասխանատու Ալիսթըր Փիրթ քուէյթեան «Քունա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Բրիտանիա կ՛ողջունէ այս ամսուան վերջաւորութեան Սուրիոյ տագնապին շուրջ միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը: Ան ընդգծեց, որ «բոլորը Սուրիոյ տագնապին քաղաքական եւ ոչ թէ զինուորական լուծում մը կ՛ուզեն»:
Փիրթ ըսաւ, որ իր երկիրը տակաւին այն կարծիքին է, թէ քիմիական զէնքը հաւանաբար սուրիական կառավարութեան կողմէ օգտագործուած է` նշելով, որ «Բրիտանիա այդ տպաւորութեան շուրջ փաստեր ներկայացուց ՄԱԿ-ին»: Ան քիմիական զէնքի օգտագործումը նկատեց «շատ վտանգաւոր» հարց մը, զոր պէտք է ճիշդ ձեւով հետաքննութեան ենթարկել` աւելցնելով, որ «մենք արդիւնքը պիտի չգիտնանք, մինչեւ որ ՄԱԿ իր հետաքննութիւնը աւարտէ»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է «Խան Ասալի դէպքի» հետաքննութեան ՄԱԿ-ի յանձնախումբը անմիջապէս հիւրընկալելու:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ «Ուաշինկթըն սուրիական թղթածրարին նկատմամբ շատ զգուշ է` նկատի ունենալով այն սխալները, որոնք 2003-ին Իրաք ներխուժման եւ գրաւման ընթացքին գործուեցան»: Ան նշեց, որ «ամերիկեան ներկայ վարչակազմը չուզեր ամէն ինչ քանդել, ինչպէս Իրաքի մէջ ըրաւ նախկին նախագահ Ճորճ Ու.Պուշի վարչակազմը` խօսելով այդտեղ զանգուածային քանդումի զէնքերու գոյութեան մասին»` աւելցնելով, որ «նախագահ Պարաք Օպամա Միացեալ Նահանգներու վարկը վերականգնեց»:
Պայտըն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն տեղեակ է նիւթերու հետքերէ, որոնք կրնան Սուրիոյ մէջ գտնուած քիմիական զէնքերու ըլլալ, սակայն այդ զէնքը օգտագործող կողմին մասին տեղեկութիւններ չկան»:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը շատոնց շրջանցեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման դէմ հաստատուած կարմիր գիծերը: Ան աւելցուց, որ «յստակ է, որ սուրիական վարչակարգը քիմիական զէնքեր եւ հրթիռներ օգտագործեց»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ եւ անոր հետ քննարկած ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան լոյսին տակ Սուրիոյ տագնապի լուծման հեռանկարները: Երկու կողմերը շեշտած են երկխօսութիւն կատարելու պատրաստակամ սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներու միաւորման կարեւորութիւնը` իբրեւ նախապայման Ժընեւի հաղորդագրութեան կէտերու գործադրման համար սուրիական քաղաքական երկխօսութեան ձեռնարկման:
Նշենք, որ Իպրահիմի 7 մայիսին գոյացած ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան լոյսին տակ ետդարձ կատարած էր իր հրաժարականը ներկայացնելու որոշումէն:
Միւս կողմէ, Ֆիլիփեան կղզիներու արտաքին գործոց նախարար Ալպերթ Տել Ռոզարիօ յայտարարեց, որ իր երկիրը Կոլանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերէն չորս ֆիլիփինցիներու առեւանգումէն ետք այդ ուժերուն մասնակից ֆիլիփինեան ուժերը տուն կանչելու հարցը կը քննարկէ: «Չենք ուզեր մեր քաղաքացիները յաւելեալ վտանգի ենթարկել: Պէտք է ուժեղ յանձնարարական մը ներկայացնենք նախագահին, եւ անմիջապէս որ այդ մէկը ըսէ, կարելի եղածին չափ շուտ կը հեռանանք», ըսաւ Տել Ռոզարիօ:


