Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա երբեք միջամուխ չէ եղած եւ պիտի չըլլայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ յառաջիկայ երեքշաբթի օր 24 նախարար հաշուող կառավարութեան կազմ մը յայտարարէ` առանց նկատի ունենալու Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ կատարուած իրողութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը պիտի խախտէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւնները կը դրսեւորեն կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն արգելակումը շարունակելու Հըզպալլայի միտումները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն խորհրդարանի դիւանին գումարելիք երկուշաբթի օրուան նիստին` իմանալու համար չորեքշաբթի,15 մայիսին գումարուելիք լիագումար նիստին ճակատագիրը:

ՊՍԱԼԻՄ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Մըզհեր հրաժարեցաւ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Պքերքէ կը զօրակցի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին` աւելցնելով, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը իր մահկանացուն կնքած է արդէն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը չեն փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, ո՛չ ալ կ՛ուզեն կառավարութիւն մը կազմել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը մերժէ երկարաձգել խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը` ընդգծելով նաեւ, որ խառն ընտրական օրինագիծը կը հակադրուի իրենց համոզումներուն հետ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Լիբանանի ու Սուրիոյ ճակատները միախառնած է եւ Լիբանանը ենթարկած ամէն տեսակի հաւանականութիւններու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին յատուկ խորհրդակցութիւնները առկայ պիտի մնան մինչեւ յառաջիկայ 15 մայիս` մաղթելով, որ կարելի ըլլայ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը Լիբանանը պէտք է զանց կացուցեն սուրիական ներքին իրադարձութիւններէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը յայտարարելու մասին շշուկները կ՛իյնան Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին վաւերացումը արգելակելու  շրջագիծին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւնները լիբանանեան պետութեան եւ գերիշխանութեան գործնական ջնջումին համազօր են:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ այն յայտարարութիւնները, թէ քաղաքական որոշ կողմեր հրաժարած են Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծէն, անճիշդ են:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ խորհրդարանի նստաշրջանին երկարաձգումը կարելի է ապահովել թեքնիք կերպով` հասնելու համար մինչեւ քաղաքական երկարաձգում:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Հըզպալլա կը սերտէ խառն ընտրական օրինագիծին մասին խորհրդակցութիւններու սկսելու կարելիութիւնները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին ձերբակալած ահաբեկչական բջիջը կը պատրաստէր ականներ` զանոնք Սուրիա փոխադրելու նպատակով:

ՎՍՏԱՀԵԼԻ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ որոշ ուժեր ճնշում կը բանեցնեն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի վրայ` ընդունելու համար վարչապետ Թամմամ Սալամի յայտարարելիք կատարուած իրողութեան կառավարութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք մարոնի ղեկավարներու հանդիպումին թուականը տակաւին չէ ճշդուած:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն չգոյացնելու պարագային, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը քուէարկութեան պիտի դնէ:

Share this Article
CATEGORIES