Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Դարձեալ Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեցին` Ընդվզելով Թուրք Դեսպանին Յայտարարութիւններէն

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ առաւօտեան բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պըրժ Մըրի մօտակայքը գտնուող «Փեկասիւս» թրքական օդանաւային ընկերութեան դիմաց` շեշտելով, որ իրենք այդ ցոյցին նախաձեռնած են, որովհետեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի կատարած յայտարարութիւնները ընդվզեցուցած է զիրենք:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները ապահովական ուժերուն ներկայութեան փակեցին գրասենեակին մուտքը եւ արգիլեցին պաշտօնեաները իրենց գրասենեակները մուտք գործելէ:

Անոնք բարձրացուցին նաեւ պաստառներ, որոնց միջոցով քննադատեցին թրքական իշխանութիւններուն վարուելակերպը:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները պահանջեցին ազատ արձակել իրենց հարազատները, ինչպէս նաեւ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները:

Նշենք, որ Էօզեըլտըզ յայտնած էր, թէ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն կողմէ թրքական շահերուն դէմ գործադրուած ցոյցերը եւ որդեգրուած քայլերը արդէն իսկ շրջանցած են:

«Եթէ մինչեւ 22 մայիս մեր հարազատները ազատ չարձակուին, ապա Էօզեըլտըզ պիտի չկարենայ ուղղուիլ իր երկիրը: Էօզեըլտըզի եւ Թուրքիոյ օսմանական վարուելակերպն է, որ շրջանցած է մարդկային չափանիշներն ու մարդկային իրաւունքները», շեշտեցին առեւանգուածներուն ընտանիքները:

Անոնք Թուրքիան նկատեցին իրենց հարազատները առեւանգողներուն հովանաւորողը, իսկ Էօզեըլտըզը նկատեցին առեւանգումի թատրոնին ներկայացուցիչը:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն մօտ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ Էօզեըլտըզի յայտարարութիւնները ընդվզեցուցած են ընտանիքները` աւելցնելով, որ ան պէտք է յարգալիր ըլլայ:

Միւս կողմէ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Մասնաայի սահմանը, ուր  պատասխանելով Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին հարցումի մը ըսաւ. «Նախորդ ժամերուն ընթացքին արձանագրուած են դրական քայլեր, եւ հարցին լուծումը գրեթէ հասած է իր աւարտին»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )