Ժեմայէլ Կը Զօրակցի Լիբանանի Մէջ Գաղթակայաններ Հիմնելու Գաղափարին

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ իտալական «Աքի» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին զգուշացուց շրջանին եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ համայնքին ենթարկուած վտանգաւոր իրավիճակէն:

Ժեմայէլ վերստին կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին կասեցնելու արիւնահեղութիւնը, պաշտպանելու նորահաս ժողովրդավարութիւնները եւ վերջ տալու քրիստոնեաներուն դէմ գործուող յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն` նկատի ունենալով, որ քրիստոնեաները մաս կը կազմեն շրջանը կերտող հիւսուածքին եւ անոնք հազարամեակներու ընթացքին կերտած են այդ շրջանին քաղաքակրթութիւնը:

Սուրիոյ տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժեմայէլ յայտնեց, որ «բռնատիրութիւնները պէտք է տապալին, սակայն Սուրիոյ պարագային կը մաղթենք, որ կարելի եղածին չափ արագ վերջ մը դրուի հոն գործուող արիւնահեղութեան եւ անցում կատարուի դէպի  ժողովրդավարական կարգերու հաստատման հանգրուան»:

Ժեմայէլ յոյս յայտնեց, որ «Ժընեւ 2»-ն վերջ մը դնէ սուրիացի ժողովուրդին տառապանքին եւ Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւն պարտադրէ:

Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մասին խօսելով` Ժեմայէլ յայտնեց, թէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ հարցեր չկան` նկատի ունենալով, որ այդ յարաբերութիւնները պատմական են, եւ երկու պետութիւնները ունին իրենց անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատուած են դիւանագիտական յարաբերութիւնները:

«Բայց եւ այնպէս այդ յարաբերութիւնները աւելի կայուն կը դառնան Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումով», շեշտեց Ժեմայէլ:

Share this Article
CATEGORIES