Պըրրի – Ազգային Պայքարի Ճակատ Պլոք Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին հանրօգուտ շինութեանց նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտին, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը եւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը:
Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտարարեց, որ բոլոր կողմերը գիտեն, թէ երկիրը զգայուն հանգրուան մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ Ազգային պայքարի ճակատ պլոքը կը նախընտրէ համբերել` միայն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ընդգրկող կառավարութիւն մը յայտարարելու իմաստով:
Արիտի նշեց, որ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ արդիւնք է Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն փոխադարձ զիջումներուն:
Արիտի հաստատեց, որ Ազգային պայքարի ճակատ պլոքը կտրականապէս կը մերժէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ջանքերով մշակուած ընտրական օրինագիծին մասին լսած են, սակայն ոչինչ ստացած:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը խորհրդարանի նախագահին յանձնեց կուսակցութեան կողմէ մշակուած Լիբանանի սահմանադրութեան փոփոխութեան յատուկ օրինագիծը, որուն մէջ կ՛առաջարկուի սահմանադրութեան մէջ նշել Լիբանանի չէզոքութիւնը:
Այս իմաստով Պըրրի շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ մարոնի համայնքի Մաուշի պատրիարքին կողմէ 1958-ին կատարուած յայտարարութեան, որուն մէջ վերջինս կը հաստատէր, որ Լիբանանի մէջ բոլորս չէզոքութեան ջատագովներ ենք, սակայն չէզոքութիւնը կ՛որոշէ Լիբանանը` իր ազատ կամքով եւ արաբական երկիրներուն հետ համադրաբար: «Իսկ արտաքին աշխարհին մէջ որոշուած չէզոքութիւնն ու միջազգայնացումը անկարելի է ընդունիլ, որովհետեւ անիկա կը նշանակէ մեր վրայ իշխել», նշեց Պըրրի` աւելցնելով, որ այդ մասին ինք աւելի ուշ յստակ կեցուածք մը պիտի արտայայտէ:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա, որ Պըրրիի հետ քննարկեց շրջանային զարգացումները:


