Միքաթի Ընդունեց Ամր Մուսան

Մուսա եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մուսա յայտնեց, որ բնական էր, որ խորհրդակցութիւնները կեդրոնանային Սուրիոյ վրայ, որովհետեւ այս հանգրուանին արաբական աշխարհի քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ խորհրդակցութիւնները պէտք է շարունակել` դիմագրաւելու համար շրջանին սպառնացող մարտահրաւէրները:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ  Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավար Ռիչըրտ Մայլզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Միքաթիի հետ հանդիպումին ընթացքին Մայլզ խստիւ դատապարտած է Սուրիոյ կողմէն լիբանանեան գիւղերուն ռմբակոծումը:

Մայլզ մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Սուրիոյ բախումներուն Հըզպալլայի միջամտութեան առնչութեամբ:

Հաղորդագրութիւնը աւարտեցաւ հաստատելով, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը:

Միքաթի ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուին:

Share this Article
CATEGORIES