«Լիբանանը Պահպանողը Այն Ռազմավարութիւնն Է, Որ Դիմադրութեան Զէնքը Բանակին Տրամադրութեան Տակ Կը Դնէ» Ընդգծեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման` Միջազգային առեւտուրի խորհուրդի վարչութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանը պահպանողը անոր տնտեսութիւնն է, ժողովրդավարական վարչակարգը, օրէնքի իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, որ կը հաստատէ այլ երկիրներու հարցերուն նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:

«Լիբանանը պահպանողը նաեւ այն ռազմավարութիւնն է, որ Դիմադրութեան զէնքը բանակին տրամադրութեան տակ կը դնէ` իսրայէլեան որեւէ յարձակումի պարագային, ինչպէս նաեւ բանակին արդիական զէնքեր տրամադրելու աշխատանքը», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջազգային առեւտուրի խորհուրդի նորակազմ վարչութիւնը, որուն ստանձնած աշխատանքներուն առիթով յաջողութիւն մաղթեց, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Լիբանանի տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսան, որուն հետ քննարկեց Եգիպտոսի եւ արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ առումով արձանագրուած հաղորդակցութիւնները` Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու եւ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը կասեցնելու առումով:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միշել Խուրի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց ներկայիս Դամասկոսի մէջ տիրող պայմանները:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն:

 

Share this Article
CATEGORIES