Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Իշխանութիւններուն Կը Յանձնարարէ Հարցը Հետաքննել. Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հայ Տարեց Զոյգ Մը «Հայ Սրիկայ Մը Եւս» Գրութեամբ Նամակ Ստացած Է

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Մերիլենտ նահանգի Ռոքվիլ քաղաքին մէջ բնակող Արա եւ Սալբի Սահակեանները օրեր առաջ նամակատունէն ստացած են ծրար մը, որուն մէջ ամերիկեան օրաթերթի մը մէջ լոյս տեսած Պոսթընի  ահաբեկչութեան մասին պատմող յօդուածէ մը հատուած եղած է, կողքին գրիչով գրուած` «Հայ սրիկայ մը եւս»:  Հայու ինքնութիւնը անուանարկող այդ գրութիւնը սլաքով միացած եղած է յօդուածի այն հատուածին, որուն մէջ կը նշուի, թէ ազգութեամբ հայ Միշա անունով տղամարդ մը յաճախ այցելած է ահաբեկչութեան կասկածեալներ Ցարնայեւ եղբայրներու բնակարանը եւ ժամերով անոնց հետ զրուցած իսլամութեան մասին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակը վերոնշեալ փաստին առնչութեամբ տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտած է հայ տարեց զոյգը ահաբեկելու փորձը եւ ամերիկեան իշխանութեանց կոչ ուղղած է հետաքննելու կատարուածը: «Մենք տեղական եւ դաշնակցային իշխանութիւններուն կը յորդորենք անյապաղ հետաքննութիւն սկսիլ փաստին առնչութեամբ եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սեւան Քոլեճեան եւ աւելցուցած. «Ատելութիւն ու անհանդուրժողականութիւն պարունակող եւ ահաբեկելու նպատակ հետապնդող այս նամակը լրատուամիջոցներուն համար պէտք է դաս ըլլայ առ այն, թէ «Միշայի» մասին հրապարակուած սխալ հաղորդագրութիւններուն պատճառով ինչպէ՛ս կրնան տուժել անմեղ մարդիկ»:

«Ասպարէզ» կ՛ընդգծէ, որ Արա եւ Սալբի Սահակեանները արդէն քանի մը տասնամեակներէ ի վեր կը բնակին Մերիլենտի մէջ. Արան շուրջ 40 տարի աշխատած է Միացեալ Նահանգներու ծովուժին մէջ իբրեւ ճարտարապետ, իսկ Սալբին ալ տարիներ շարունակ աշխատած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանին մէջ եւ եղած է ամերիկացի խորհրդարանական Մայք Մեանսֆիլտի օգնականը:

Share this Article
CATEGORIES