Նախագահներ Սահակեան Եւ Սարգսեան Ընդգծեցին Տնտեսական Փոխադարձ Գործակցութեան Կարեւորութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Նախագահները քննարկեցին երկու հայկական պետութիւններուն համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան, ելեւմտական եւ դրամատնային հատուածներու զարգացման:

Երկու կողմերը նշեցին, որ տնտեսական կապերու շարունակական ընդլայնումը եւ խորացումը Հայաստանի եւ Արցախի յառաջընթացին կարեւոր նախապայմաններէն մէկը կը հանդիսանայ, ինչ որ կը նպաստէ առկայ ներուժի օգտագործման արդիւնաւէտութեան բարձրացման:

Հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

 

Share this Article
CATEGORIES