Նիւ Սաութ Ուէյլզի Խորհրդարանի Երկրորդ Պալատը Եւս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Երէկ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգին` Նիւ Սաութ Ուէյլզի վարչապետ Պարի Օ՛Ֆարըլ ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կը ճանչնայ հայոց, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները:
Օրէնսդիր համախմբումը միաձայնութեամբ որդեգրեց այդ բանաձեւը, այսպիսով Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի երկու պալատներն ալ ճանչցած եղան նշեալ ցեղասպանութիւնները:
Օրէնսդիր խորհուրդի նմանօրինակ բանաձեւ մը որդեգրած էր անցեալ շաբաթ:
CATEGORIES Հայկական

