Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դրամական հարց մը ունիք, որ կապուած է անձի մը հետ: Մի՛ ուշացնէք այդ մասին խօսիլը, որպէսզի կարենաք կարգադրել ձեր հաշիւին հարցը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ունիք հանրութեան մը ներկայանալու հարց, կամ ունիք քննութեան մը մասնակցելու առիթ, լաւ պատրաստեցէք ձեր ըսելիքը կամ ներկայացնելիքը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Իրագործելի ծրագիր մը ունիք, կը կարծէք, որ շատ միջոցներու կը կարօտիք կիրարկելու համար զայն: Բայց հաւատացէք, որ քիչ միջոցներով կրնաք աւարտել այս ծրագիրը եւ յաջողիլ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը շատ լաւ է յաջողցնելու համար անձնական ծրագիրներ: Առանց վարանելու` կատարեցէք ձեր որոշածը: Ինքնավստահութիւնը կ՛օգնէ ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզի պիտի դիմեն օգնելու համար անձի մը: Դուք պիտի ընդառաջէք այս դիմումին, որով պիտի բարձրանայ ձեր վարկը: Ապրի՛ք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի փաստէք, թէ բարեկամութեան պարագային վստահելի անձն էք: Ձեր այս նկարագիրը պիտի գնահատուի եւ պիտի ունենաք նոր հրաւէրներ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ժամանակն է գործի սկսելու, կատարելու այն, ինչ որ ծրագրած էք: Որոշուածը յետաձգելը անիմաստ է եւ ոչ քաջալերական: Փոփոխամիտ մի՛ ըլլաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յուսալքուած անձի մը մասին օգնութեան առաջարկ պիտի կատարեն ձեզի: Առանց վարանելու` կատարեցէք ձեր օգնութիւնը, որ պիտի գնահատուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր սովորութենէն դուրս նոր միջավայրի մը մէջ նոր հարցեր պիտի դիմագրաւէք: Պիտի ընտելանաք իբրեւ նոր փորձառութիւն: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը այս նոր մթնոլորտին մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Քննադատելի հարցի մը պարագային եղէք մեղմ եւ հասկնալի ձեւով արտայայտեցէք ձեր ըսելիքը: Օրը ունի ինքզինք քննարկելու առիթ: Մնացէք սիրալիր ամէնուն հետ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ, պիտի ստանաք հիանալի արդիւնք: Ձեր գիտելիքները պիտի ունենան յաւելեալ զարգացում: Յաջողութիւնը որոշ է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շարժանկար մը տեսնելու համար դուրս պիտի ելլէք: Այս այցը ոչ միայն ժապաւէն մը տեսնելու պիտի ծառայէ, այլ պիտի ունենաք նոր հանդիպումներ` սիրելի անձերու հետ:

