50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1963)

Հայ Ժողովուրդը Երէկ Մեծ Խանդավառութեամբ
Ողջունեց
 ՆՍՕՏՏ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Օծումը

Խուռներամ Բազմութիւն Մը Ներկայ Գտնուեցաւ
Օծման
Հանդիսաւոր Արարողութեան

Լիբանանի Հանր. Նախագահին Ներկայացուցիչը` Ռաշիտ Քարամէ
Պետական
Ականաւոր Անձնաւորութիւններ, Դեսպաններ,
Ու
Պետական Երեսփոխաններ Ներկայ Եղան Շքեղ Հանդէսին

Կիրակի, 12 մայիս, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններով տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ազգընտիր կաթողիկոս  Խորէն Ա.ի օծման փառաշուք հանդիսութիւնը, որ ցնծութեան տօնի վերածուեցաւ, հպարտութեան եւ ոգեւորութեան խանդագին ապրումներով:

Օծման այս փառահեղ հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահը, երեսփոխան Ֆուատ Նաֆֆահ, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահը, հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայել, պետական երեսփոխաններ` Էլիաս Խուրի, Անթուան Սեհնաուի, Մորիս Ժեմայէլ, Մոհսեն Սլիմ, զօրավար Ժեմիլ Լահուտ, Շարլ Սաատ, Հապիպ Մութրան, Ժոզեֆ Չատեր, Լուի Ապու Շարաֆ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան ու Վարդգէս Շամլեան, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, Արեւմտեան Գերմանիոյ, Քանատայի, Փորթուգալի, Սուտանի դեսպանները, ֆրանսական դեսպանատան ներկայացուցիչը եւ դիւանագիտական մարմնի այլ անդամներ:

Հանդիսաւոր արարողութեանց հետեւեցան նաեւ Լիբանանի կրօնական բոլոր համայնքներու պետերը կամ անոնց ներկայացուցիչները, շուրջ քսան հոգեւորականներ:

Արեւածագէն առաջ հաւատացեալ հայ ժողովուրդը անընդհատ ընթացքով կը հոսէր դէպի Անթիլիաս:

Շրջափակ, տանիքներ, պարտէզներ կը հեւային ժողովուրդի խիտ բազմութիւններու շունչով: Եռուզեռ` ամէնուրեք, խանդավառ ձայներու համանուագ:

Հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ, իր աւանդութեանց նախանձախնդիր հա՛յ ժողովուրդն էր, ծովածաւալ բազմութեամբ:

Հեռաւոր Ամերիկայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն, Պարսկաստանէն անհամար ուխտաւորներ եւ առաւելաբար Լիբանանէն եկած հայութիւնն էր, համախմբուած իր հոգեւոր հայրենիքին` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ոգեկան ոլորտին մէջ:

Համազգային մեծ եղբայրութեան սրտազեղ ու հոգեգրաւ վիճակ մը պարզուած էր:

Կեդրոնական կարգադիր յանձնախումբին հսկողութեամբ, կարգադիր յանձնախումբեր, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ, Կիպրոսի ՀԵՄ-ի սկաուտական 77-րդ խումբը կը հսկէին կարգապահութեան:

Մայր տաճարին զանգակները կը ղօղանջէին անդադրում:

Արարողապետն էր Գարեգին վրդ. Սարգիսեան:

«Հրաշափառ»-ի ցնծուն ու խանդալից շեշտերով կը լեցուի տաճարը, Ս. պատարագը կը մտնէ իր հանդիսաւոր ընթացքին մէջ:

«Առաջադրութեան» պահն է: Ապա վարագոյրը կը բացուի եւ վեհափառ հայրապետը կը խնկարկէ:

Պատարագի հանդիսաւորութեան մասնաւոր փայլ կու տար մօտ 100 հոգինոց «Կոմիտաս» երգչախումբը` զօրացուած Ս. Նշանի երգչախումբով: Երգեցողութիւնները կը կատարուէին Եկմալեան եղանակով քառաձայն, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի: Սարկաւագի բաժնի երգեցողութիւնը կը կատարէր Արա Կիրակոսեան` իր տիրական եւ գրաւիչ ձայնով:

Ս. պատարագը կը հասնի մինչեւ ճաշու ժամը: «Զի ողորմած եւ մարդասէր ես»: Պատարագի ընթացքը կանգ կ՛առնէ եւ կը սկսի օծման արարողութիւնը:

Ընտրեալ հայրապետը ծունկի կու գայ բեմին վրայ ու Ս. սեղանին առջեւ իր ուխտը կը կատարէ առաջի Աստուծոյ եւ Ս. եկեղեցւոյ:

Կը սկսի երգուիլ ձեռնադրութեան երգը: Վեհափառը ծունկի կու գայ երեսը ժողովուրդին եւ ձեռքերը բազկատարած կ՛աղօթէ… Չի կրնար զսպել արցունքները: Յուզիչ է պահը: Յուզուած են նաեւ հաւատացեալները ու արցունք կայ բոլորին աչքերուն մէջ:

Առաջին մեծ աղօթքը կը կարդայ Հայրիկ սրբազան: Ճաշու գիրքը կը կարդայ Տաճատ սրբազան, իսկ Աւետարանը` Հրանդ սրբազան:

Ձեռնադրութեան արարողութիւնը կանգ կ՛առնէ: Կը շարունակուի Ս. պատարագը` մինչեւ «Ողջոյն»: Կը վերսկսի օծման արարողութիւնը:

«Աստուած մեծ» ձայնաւոր քարոզի երգեցողութեամբ եւ երկար աղօթքով մը, որ կը կարդայ գերշ. Արտակ սրբազան, կը սկսի Ս. միւռոնով օծումը:

Ղեւոնդ սրբազան կ՛երգէ «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականը եւ եպիսկոպոսական դասին ընկերակցութեամբ կ՛երգուի «Օրհնեսցի, օծցի եւ սրբեսցի գագաթն տէր Խորէն կաթողիկոսին, այս նշանաւ…»:

Ղեւոնդ սրբազան միւռոնը աղաւնետուփէն կը հեղու վեհի գագաթին, ուրկէ վեց եպիսկոպոսներու բութամատերով ճառագայթաձեւ կը տարածուի դէպի վար` խորհրդանշելով աստուածային շնորհի հեղումը վեհափառին եւ անկէ տարածումը իր հօտին` հաւատացեալներու բազմութեան վրայ:

Պահը հասած է իր գերագոյն խորհրդաւորութեան: Եւ ահա այդ խորհուրդը կը վարագուրուի թափանցիկ շղարշովը հայրապետական քողին` ձեռամբ Ղեւոնդ սրբազանի, որ անմեղութեան ու բարութեան, սրբութեան եւ ներշնչութեան կերպարանքովը կը պարուրէ պայծառ դէմքը վեհափառ հայրապետին:

Մէջքին աջ կողէն կ՛անցուի նաեւ կոնքեռը, խորհրդանշան` հովուապետական իր իշխանութեան:

Օծեալ հայրապետը կը բազմի բեմին վրայ զետեղուած աթոռին, կ՛երգուին շարականներ, կը կարդացուի սաղմոս:

Սահակ եպիսկոպոս կը կարդայ արարողութեան վերջին Աւետարանը: Ն. Ս. Օծութիւնը իր հայրապետական առաջին ողջոյնը կու տայ:

Այնուհետեւ օծեալ վեհին աջն ու գագաթը աստիճանական կարգով կը համբուրեն եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, աբեղաներ եւ քահանաներ` յայտնելով, իրենց հաւատարմութիւնն ու հնազանդութիւնը:

Երուսաղէմի Ս. Աթոռոյն լուսարարապետ Հայրիկ արք., Երուսաղէմի Առաքելական աթոռոյն եւ պատրիարքին անունով կը շնորհաւորէ նորաօծ վեհափառը` մաղթելով յաջողութիւն իր հովուապետութեան շրջանին եւ երկար կեանք:

Պատարագիչ վեհափառը վերջին անգամ կը յիշատակէ երջանկայիշատակ Զարեհ հայրապետին, Ամենայն հայոց հայրապետ Վազգէն Ա.ի, Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոսին ու Պոլսոյ պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոսին անունները:

«Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն»:

Սարկաւագը առաջին անգամ ըլլալով կը յիշատակէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ. Տ. Խորէնայ սրբազնագոյն կաթողիկոսին, որ զպատարագս մատուցանէ…»:

Յաւարտ Ս. պատարագի, նոյն շքեղ ու երկարաձիգ թափօրով եւ ամպհովանիով վեհը կ՛առաջնորդուի վեհարան: Մայր տաճարի դռնէն դուրս ելած պահուն աղաւնիներ կ՛արձակուին եւ ոչխարներ կը զենուին:

Վեհարանի բարձրադիր սանդխագլխին վեհը «Պահպանիչ»-ով կ՛օրհնէ ժողովուրդը, որ խելայեղօրէն կը ծափահարէր իր սիրելի վեհափառը:

Վեհարանի դահլիճին մէջ խօսքը ուղղելով ներկաներուն` կ՛ըսէ.

«Օծման այս բարեբաստիկ հանդիսութեան առթիւ հաճելի պարտականութիւն կը նկատեմ շնորհակալութիւններս յայտնել մեր յարգելի պատգամաւորներուն, որոնք իրենց քուէները միաձայնութեամբ վստահեցան ինծի:

«Կ՛օրհնեմ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին եւ անոր նուիրապետական բոլոր աթոռները, Ս. Էջմիածնի նախամեծար աթոռը անոր գահակալ Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Առաքելական Ս. աթոռը եւ պատրիարք բարեկամս` Եղիշէ արքեպիսկոպոսը, Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը եւ պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոսը, առաջնորդութիւններն ու առաջնորդները եւ հայ ժողովուրդը անխտիր:

«Կ՛օրհնեմ այս գեղեցիկ Լիբանանը: Մեր սիրելի՛ վարչապետը, որ հոս կը գտնուի, մեր սիրելի՛ լուսամիտ եւ լուսապայծառ դէմքով հանրապետութեան նախագահ Ֆուատ Շեհապը, որ իր արդար ընթացքով, խաղաղութեամբ կը կառավարէ այս երկիրը` առանց որեւէ խտրութեան:

«Կեցցէ՛ Լիբանանը, կեցցէ՛ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը»:

Այնուհետեւ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, երիցագոյն անդամը միաբանութեան, հովուապետական ասան կը յանձնէ վեհին ընդհանուր ծափերու մէջ, ըսելով.

«Հայրապետական այս ասան յանձնելով Ձեզի, իբրեւ սուրբ աւանդ (կ՛ողջագուրուին), զօրացուած միաբանութիւնս կը խոստանայ այս սրբազան պահուն, որ պիտի ծառայէ Ձեզի հնազանդութեամբ: Առողջութիւն, կարողութիւն ու համբերութիւն կը մաղթենք, որպէսզի իմաստութեամբ առաջնորդէք հայ ժողովուրդը, մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի, առանց բացառութեան, նուիրապետական իր սուրբ աթոռներով»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES