Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. Տիտղոսին Համար Պայքարը` Ռիատի Պէյրութի Եւ Ժընուպ Թուլի Միջեւ
Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ մնացած է միայն աւարտական եւ 3-րդ դիրքի մրցումը:
Տիտղոսին համար պայքարը տեղի պիտի ունենայ Ռիատի Պէյրութի եւ Ժընուպ Թուլի միջեւ: Յաղթականը պիտի հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ Պէյրութի, որ 9-րդ եւ 10-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումներուն դժուարութեամբ պարտութիւն կրեց Ժընուպ Թուլէն (3 – 1) եւ Ռիատի Պէյրութէն (3 – 2), պիտի պայքարի 3-րդ դիրքին համար` փորձելով յաղթանակ արձանագրել 11-րդ եւ վերջին հանգրուանին:
CATEGORIES Մարզական