Այցելութիւն` Համատի Եւ Քալուշի
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատեր, ինչպէս նաեւ «Կրին Մայնտ» միութեան մէկ պատուիրակութիւնը յաջորդաբար այցելեցին Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատի եւ Պէյրութի նահանգապետ Նասիֆ Քալուշի:
Այս այցելութեանց նպատակն էր վերոնշեալ երկու անձնաւորութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնել «Պայքաթուն-2013»-ի յատուկ մրցաշարքը հովանաւորելու եւ անձամբ անոր ներկայ գտնուելու համար. յայտնենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 1500 հեծելանւորդներ:
CATEGORIES Մարզական



