ՊԸՐՐԻ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԷ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԻ ՀԱՐՑԸ

Սլովաքիոյ դեսպանը եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ ան մօտէն կը հետապնդէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նստաշրջանը երկարաձգելու եւ Ռումիէի բանտին թղթածրարը լուծելու հարցերը:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ խորհրդարանի նախագահը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Կեդրոնական դրամատան մէջ անիշխանութեան մթնոլորտ չստեղծելու, որովհետեւ ան քաջ գիտէ, թէ նման պարագայ կը նշանակէ Լիբանանի տնտեսութեան քայքայումը եւ կը սպառնայ լիբանանեան դրամատնային համակարգին, որ կրցած է տոկալ երկիրը հարուածած բոլոր փոթորիկներուն եւ տագնապներուն:

Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ եգիպտական Ղատ կուսակցութեան նախագահ Այման Նուրի հետ: Քննարկուեցան արաբական իրադարձութիւններն ու զարգացումները:

Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Սլովաքիոյ դեսպան Իվան Սուրքուզ եւ նախկին նախարար Ժոզեֆ Հաշեմ:

 

Share this Article
CATEGORIES