ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ՍԱԿԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ԳՈՅԱՑԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Ռահհալ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ողջունեց վառելանիւթի սակերուն հարցով գոյացած համաձայնութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ ջնջել փոխադրութեան միջոցներու սենտիքաներուն եւ համադաշնակցութիւններուն յայտարարած գործադուլը:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ պէտք է լուրջ քննարկում կատարել հանրային փոխադրութեան թղթածրարին շուրջ:

Միւս կողմէ, Պաապտայի մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց երեսփոխան Ռիատ Ռահհալը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաան, որ նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական անվտանգութեան վարչական աշխատանքները բարելաւելու հեռանկարները:

 

Share this Article
CATEGORIES