ՖԵԼԹՄԱՆ ԱՅՍՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման երէկ երեկոյեան ժամը 7:50-ին ժամանեց Պէյրութ, ուր ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի կողմէ:

Նշենք, որ Ֆելթման այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդականներէն մէկուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական այլ ղեկավարներու հետ:

Share this Article
CATEGORIES