Հնադարեան Առեղծուածներ. Ամէնէն Զարմանալին…

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՈՐՔԱ՛Ն ԽԱԲՈՒՍԻԿ Է ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ… ԿԸ ԶԱՐՄԱՆԱՅԻ՞ՆՔ, ԹԷ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՄԷՋ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ ԱՌԿԱԽ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐ: ԱՅԺՄ ԿԸ ԼՍԵՆՔ ԱՒԵԼԻ՛ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻՆ. ԹԷ` ԱՆՈՆՔ ԲՆԱՒ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՄԷՋ ՉԷԻՆ ԳՏՆՈՒԵՐ… ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐ ՈՐՔԱ՛Ն ՊԷՏՔ Է ՊԵՂԵՆ ՈՒ ՔՆՆԵՆ, ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՀԱՍՆԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ. «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՕՔՍՖՈՐՏ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՄԸ ՇԱՐՔ ՄԸ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐ ՄԷԿՏԵՂԵԼՈՎ` ԿԸ ՓԱՍՏԷ, ԹԷ ՀԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀՐԱՇԱԼԻՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՏՆՈՒԷՐ 480 ՔՄ. ՀԵՌՈՒ` ՆԻՆՈՒԷԻ ՄԷՋ:

Արուեստագէտ մը այսօր այս ձեւով կ՛երեւակայէ Ն.Ք. 700-ին Առկախ պարտէզները:

Աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն` Բաբելոնի Առկախ պարտէզները բնաւ Բաբելոնի մէջ չէին գտնուեր, այլ` 300 քմ. դէպի հիւսիս, Բաբելոնի գլխաւոր մրցակից Նինուէի մէջ, ինչպէս կ՛ըսէ Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելեան գիտութիւններու բաժանմունքին առաջատար դէմքերէն` Սթեֆընի Տելի:

Աւելի քան 20 տարուան ուսումնասիրութիւններէ ետք Տելի ի վերջոյ հաւաքած է բաւարար տեղեկութիւններ, որոնք հաստատ կերպով կ՛ապացուցեն, թէ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը հռչակաւոր պարտէզները շինել տուած էր Նինուէի մէջ, եւ ոչ թէ` Նաբուքոդոնոսոր թագաւորը` Բաբելոնի:

Տելի առաջին անգամ 1992-ին հրապարակաւ յայտնած էր այն կարծիքը, թէ պարտէզներուն վայրը Նինուէն էր, եւ ոչ թէ` Բաբելոնը: «Տի Ինտիփենտընթ» ժամանակին տեղեկագրած էր այս մասին: Սակայն յաւելեալ երկու տասնամեակ պիտի տեւէր` բաւարար ապացոյցներով փաստելու համար վարկածը:

Տելիի «գաղտնի ոստիկանի» աշխատանքը լոյս պիտի տեսնէ այս ամսուան վերջերուն` Օքսֆորտ հրատարակչատան կողմէ: Անիկա կը պարունակէ հիմնական չորս ապացոյցներ:

 

Սենեքերիմ թագաւորին թոռան Նինուէի պալատէն յայտնաբերուած բարձրաքանդակի մը գծագրութիւնը, որ այժմ կ՛ենթադրուի, թէ կը պատկերէ Առկախ պարտէզները:

Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը պատկերուած է ձիակառքին մէջ, բարձրաքանդակի մը վրայ, որ կը պատկերէ պարտէզները: Բարձրաքանդակը յայտնաբերուած է անոր թոռան պալատէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Առաջին. Առկախ պարտէզներուն մասին աւելի ուշ ժամանակներու նկարագրութիւններ կարդալէ ետք Տելի անդրադարձած է, թէ Նինուէի մէջ Սենեքերիմ թագաւորին պալատէն յայտնաբերուած բարձրաքանդակ մը իրականութեան մէջ կը պատկերէր ծառեր, որոնք աճած էին սիւներու շարք մը ծածկող երդիքի մը վրայ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս նկարագրուած է Կախուած պարտէզներու դասական արձանագրութիւններուն մէջ:

Այս հիմնական բարձրաքանդակին մայր օրինակը յայտնապէս կորսուած է 19-րդ դարու կէսերուն: Կը թուի, թէ երբ 1840-ական տարիներու կէսերուն բրիտանացի հնագէտ Օսթըն Հենրի Լէյըրտ յայտնաբերած է բարձրաքանդակը, անիկա արդէն կը գտնուէր այնքան վատ վիճակի մէջ, որ ամենայն հաւանականութեամբ շուտով փշրանքներու վերածուած է: Այլընտրանքը այն է, որ թերեւս անիկա մաս կը կազմէր Նինուէէն Բրիտանիա ուղարկած Լէյըրտի քանդակներուն, որոնք կորսուած են, երբ զանոնք կրող նաւը ընկղմած է Տիգրիս գետին մէջ: Այսուհանդերձ, բարեբախտաբար Լէյըրտի համար աշխատող արուեստագէտ մը արդէն գծած էր բարձրաքանդակը, որ տպուած էր 1853-ին, Նինուէի մասին Լէյըրտի գրած գիրքին մէջ: Տելի միայն վերջերս նկատած էր, թէ անիկա կը պատկերէր պարտէզը:

Այնուհետեւ, յաւելեալ ուսումնասիրութիւններէ ետք, Տելի մտածած է, թէ Ն. Ք. 689-ին Ասորեստանի կողմէ Բաբելոնի գրաւումով հաւանաբար Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէն նկատուած է «Նոր Բաբելոնը», այսպէս` առիթ տալով աւելի ուշ տարածուած այն համոզումին, թէ Կախուած պարտէզները իրօք, կը գտնուէին նոյնինքն Բաբելոնի մէջ: Տելիի ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տար, թէ Միջագետքի մէջ գէթ մէկ այլ գիւղաքաղաք` Բորսիփա, Ն. Ք. 13-րդ դարու չափ հին արձանագրութիւններու մէջ նկարագրուած է իբրեւ «այլ Բաբելոն մը», ինչ որ մտածել կու տայ, թէ հնադարեան ժամանակներուն Բաբելոն անունը կրնար օգտագործուիլ` նկարագրելու համար բուն Բաբելոնէն տարբեր վայրեր: Տելի հիմնական յայտնաբերում մը կատարած է. նախապէս իր մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ Սենեքերիմ թագաւորը Բաբելոնը գրաւելէ ետք Նինուէի բոլոր դարպասները վերանուանած է Բաբելոնի դարպասներուն աւանդական անուններով: Բաբելոն միշտ ալ իր դարպասները կոչած էր իր աստուածներուն անունով: Բաբելոնը գրաւելէ ետք Ասորեստանի թագաւորը պարզապէս Նինուէ քաղաքին դարպասները վերանուանած է նոյն աստուածներուն անունով: Անուանակոչութեան միջոցով` խորքին մէջ Նինուէն կը դառնար «Նոր Բաբելոնը»:

Նինուէի մէջ Սենեքերիմ թագաւորին պալատէն այժմ շատոնց կորսուած բարձրաքանդակի մը բեկորին 19-րդ դարու մէկ գծագրութիւնը, որուն մէջ կ՛երեւին սիւնաշարի մը վրայ աճող ծառեր, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հին ժամանակներուն նկարագրուած են Առկախ պարտէզները:

Ապա Տելի ուսումնասիրած է Բաբելոնի եւ Նինուէի տեղագրութիւնը (թոփոկրաֆի) եւ անդրադարձած է, թէ բուն Բաբելոնի շուրջ տարածուող ամբողջութեամբ հարթ մակերեսը անկարելի պիտի դարձնէր բաւարար ջուրի մատակարարումը այն տեսակի բարձր պարտէզներուն, որոնք նկարագրուած են դասական ժամանակներու աղբիւրներու մէջ: Այս ուսումնասիրութեան ընթացքին յաւելեալ փաստեր զինք համոզած են, թէ «Առկախ պարտէզները», ինչպէս նկարագրուած են անոնք, կարելի չէր կառուցել Բաբելոնի մէջ:

Ի վերջոյ Տելի նաեւ նկատած է, թէ Առկախ պարտէզներուն առաջին դասական նկարագրութիւնները գրի առնուած են ա՛յն պատմաբաններուն կողմէ, որոնք իրօք, այցելած են Նինուէի շրջանը:

Նինուէի յետասորեստանեան պատմութիւնը ուսումնասիրելով` Տելի անդրադարձած է, թէ իրօք, Մեծն Աղեքսանդր  Ն.Ք. 331-ին Նինուէի մօտ հաստատած է իր բանակավայրը, Արպելայի հռչակաւոր ճակատամարտին պարսիկները պարտութեան մատնելէ անմիջապէս առաջ: Ծանօթ է, որ Աղեքսանդրի բանակը տեղաւորուած է մեծ ջրմուղի մը քով: Տելի կը հաւատայ, թէ անիկա այն ջրմուղներէն մէկն է, որ ջուր կը մատակարարէր այն վայրին, ուր կը գտնուէին Առկախ պարտէզները:

Մեծն Աղեքսանդրի կ՛ուղեկցէին շարք մը յոյն պատմաբաններ, ինչպէս` Կաղիսթենես, Կղիտարքոս եւ Ունեսիկրիտոս, որոնց գործերը շատոնց կորսուած են յաւիտենութեան համար, սակայն յատկանշականօրէն մասնաւորաբար անո՛նց գործերը յաճախ օգտագործուած են իբրեւ աղբիւր նոյն այն հեղինակներուն կողմէ, որոնք բազմաթիւ դարեր ետք Առկախ պարտէզները նկարագրած են իրենց գործերուն մէջ, որոնք գոյատեւած են մինչեւ այսօր:

«Տասնեակ տարիներ տեւեց ապացոյցներ հաւաքելը, փաստելու համար, թէ Առկախ պարտէզները կ՛առնչուէին ջրմուղներու եւ ջրանցքներու ցանցի մը հետ, զոր կառուցած էր Սենեքերիմ թագաւորը Նինուէի մէջ եւ ոչ թէ` Նաբուքոդոնոսոր թագաւորը` Բաբելոնի: Եւ առաջին անգամ ըլլալով այժմ կարելի է ապացուցել, թէ Առկախ պարտէզները իրապէ՛ս գոյութիւն ունեցած են», կ՛ըսէ Տելի:

Առկախ պարտէզները կառուցուած են կիսաբոլորակաձեւ ամփիթատրոնի պէս, բազմաշերտ օղակներով, շուրջ 25 մ բարձրութեամբ արուեստական բլուրի մը վրայ: Անոր ստորոտին կը գտնուէր հսկայական աւազան մը, որ ջուր կը ստանար փոքր առուակներէ, որոնք կը հոսէին տարբեր կողմերէ: Ծառեր եւ ծաղիկներ ցանուած էին արուեստական փոքր դաշտերու վրայ, որոնք կառուցուած էին սիւնաշարերու վերեւ: Ամբողջ պարտէզը ունէր շուրջ 120 մ լայնք: Որոշ հաշուարկումներու համաձայն, զայն ոռոգելու համար առնուազն 35 հազար լիթր ջուր կը բերուէր մինչեւ 80 քմ հեռուէն` ջրմուղներու եւ ջրանցքներու ցանցի մը միջոցով: Ինքնին պարտէզին մէջ ջուրը բարձրերը կը հասնէր մեքենական դրութեամբ, զայն բարձրացնելու ծառայող պրոնզէ հսկայական ջրհաններով (փամփ):

Առկախ պարտէզներուն նորայայտ կերտիչը` Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը, ինչպէս նաեւ անոնց հետ աւանդաբար առնչուած Բաբելոնի Նաբուքոդոնոսոր թագաւորը զինուորական յարձակողապաշտ ղեկավարներ էին: Երուսաղէմի դէմ Սենեքերիմի պայքարը պիտի անմահանար շուրջ 2500 տարի ետք, Լորտ Պայրընի մէկ բանաստեղծութեան մէջ, ուր ան կը նկարագրէր, թէ ինչպէ՛ս «ասորեստանցիները գայլի նման յարձակեցան հօտին վրայ», «ծիրանեգոյն եւ ոսկեգոյն փողփողուն գումարտակներով»:

Արդի կանուխ ժամանակներու, ինչպէս նաեւ` աւելի ուշ ժամանակներու Առկախ պարտէզներու պատկերացումներ: 16-րդ դարու այս գունաւոր քերծանկարը գործն է հոլանտացի գեղանկարիչ Մարթեն վան Հիմսքըրքի: Հետաքրքրական է, որ արուեստագէտը խորքին նկարած է Բաբելոնի աշտարակը…

Երկու ղեկավարներն ալ տխրահռչակ էին կրօնական սրբավայրեր քանդելու իրենց մարմաջով: Նաբուքոդոնոսոր քանդած էր Սողոմոնի տաճարը Երուսաղէմի մէջ: Աւելի ուշ տարածուած աւանդապատումի մը համաձայն, որոշ ժամանակ մը գազանի վերածուած էր Աստուծոյ դէմ գործած իր մեղքերուն համար: Իսկ Սենեքերիմ քանդած էր Բաբելոնի մեծ տաճարները. արարք մը, որ կ՛ըսուի, թէ ցնցած էր ամբողջ Միջագետքը: Իրօք, աւանդութիւնը կ՛ըսէ, թէ երբ ան հետագային սպաննուած է իր երկու զաւակներուն կողմէ, իր երկնային պատիժին արժանացած է տաճարները քանդելուն համար:

Թերեւս զարմանալի է, որ Առկախ պարտէզները հնադարեան աշխարհի 7 հրաշալիքներէն առաջինն են, որոնք նկարագրուած են: Իրօք, Սենեքերիմ ի՛նք Ն. Ք. 700-ի շուրջ իր պալատին պարտէզներուն ակնարկած է իբրեւ «հրաշալիք մը` բոլոր ժողովուրդներուն համար»: Սակայն միայն այսօր է, որ նոր ուսումնասիրութիւններ ի վերջոյ ի յայտ կը բերեն, թէ պալատին պարտէզները իրօք, հնադարեան աշխարհի 7 հրաշալիքներէն էին: Կարգ մը պատմաբաններ կը մտածէին, թէ Առկախ պարտէզները թերեւս պարզապէս առասպել էին: Նոր ուսումնասիրութիւնը ի վերջոյ կ՛ապացուցէ, թէ անոնք իրապէ՛ս գոյութիւն ունեցած են:

Առկախ պարտէզները հաւանաբար կը գտնուէին Նինուէի մէջ, այսօրուան Իրաքի հիւսիսը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES