Ռուսիա Երկարաձգած Է Կիպրոսի Տրամադրուած Վարկի Վճարման Ժամկէտը
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիա համաձայնած է երկու տարիով երկարաձգել 2011-ին Կիպրոսին տրամադրած իր վարկի վճարման ժամկէտը, ինչպէս նաեւ կրճատած է տոկոսի չափը:
Կիպրոս, իր կարգին, համաձայնած է Եռեակի (Եւրոպական կեդրոնական դրամատուն, Եւրոպական յանձնաժողով, Դրամական միջազգային ֆոնտ) առաջադրած պահանջներուն, որպէսզի մայիսի վերջաւորութեան ստանայ 10 միլիառ եւրօ վարկին 3 միլիառը:
2011-ին Ռուսիա 2.5 միլիառ եւրոյի վարկ տրամադրած էր Կիպրոսին` 5 տարուան վճարման ժամկէտով` տարեկան 4.5 առ հարիւր տոկոսով:
Ներկայ դրութեամբ վարկը պէտք է վճարուի 2018-ին, իսկ տոկոսը պիտի կազմէ տարեկան 2.5 առ հարիւր:
CATEGORIES Միջազգային

