ՄԱԿ Մտահոգութիւն Յայտնած Է Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի Եւ Բրիտանիոյ Ունեցած Մարդասպան Մարդամեքենաներու Գծով

Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերով յանձնախումբը իր հրապարակած վերջին զեկուցումին մէջ լուրջ անհանգստութիւն յայտնած է այն առնչութեամբ, որ Միացեալ Նահանգներ, Իսրայէլ եւ Բրիտանիա իրենց զինանոցներուն մէջ ունին մարդասպան մարդամեքենաներ, որոնք մարդկութեան համար վտանգ կը ներկայացնեն:

ՄԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած զեկուցումին մէջ կոչ կ՛ուղղուի` արգելք սահմանելու ամբողջ աշխարհին մէջ մարդասպան մարդամեքենաներու օգտագործման համար, քանի տակաւին միջազգային խորհրդաժողով չէ գումարուած եւ անոնց օգտագործման կանոնները չեն մշակուած:

Փաստաթուղթին մէջ կը յստակացուի, որ մարդասպան մարդամեքենաներ ըսելով` պէտք է հասկնալ կիսաինքնաշխատ զինատեսակներ, որոնք կրնան մարդ սպաննել` առանց նախապէս տրուած հրահանգի: Մարդասպան մարդամեքենաները ծրագրաւորուած են այնպիսի ձեւով, որ չսպասելով մարդու կողմէ հրահանգի, ինքնուրոյն յարձակելու որոշում կրնան տալ:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ բացի թուարկուած երկիրներէն` նոյնպիսի զէնքեր ունին նաեւ Հարաւային Քորէան եւ Ճափոնը:

Զեկուցումի հեղինակ Քրիսթոֆ Հէյնս նշած է, որ համապատասխան քայլեր չառնելու պարագային կրնան իրականութիւն դառնալ, բազմաթիւ գիտաերեւակայական գիրքերու եւ շարժանկարներու անհաւանական դիպաշարերը, երբ մարդամեքենաներու ձեռքերուն մէջ կը յայտնուին մարդկութեան դէմ կիրարկուող մահացու զէնքեր:

 

Share this Article
CATEGORIES