Ֆաթհ Կը Յայտարարէ. «Իսրայէլացիներու Հետ Հողատարածքներու Փոխանակումը Բնակեցման Օրինականացում Չի Նշանակեր»
Պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց, որ «իսրայէլացիներու հետ հողատարածքներու փոխանակում կատարելու արաբական ուղղուածութիւնը Այսրյորդանանի մէջ բնակեցման վայրերուն օրինականութեան պարգեւում չի նշանակեր»:
Կեդրոնական կոմիտէն Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ իր ժողովի աւարտին յայտնեց, որ «մեր կեցուածքը յստակ է եւ դռնփակ սենեակներու մէջ ու հրապարակաւ մէկ ըսելիք ունինք, եւ առնչակից բոլոր կողմերը այդ մէկը շատ լաւ գիտեն, թէ հողատարածքներու փոխանակման մասին խօսիլը մեզի համար սահմաններու չնչին ու փոխադարձ բարեփոխում կը նշանակէ եւ այդ մէկը որեւէ ձեւով բնակեցման վայրերու օրինականացում չեն նշանակեր: Պաղեստինեան բոլոր հողամասերուն վրայ բնակեցումը անօրինական է, իսկ հողատարածքներու փոխանակում կատարել կարելի չէ առանց 1967-ի սահմաններով Պաղեստինեան պետութեան մը ճանաչման եւ այդ պետութեան ամբողջական ու հաստատ գերիշխանութեան կիրարկման»:
Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական կոմիտէն դատապարտեց Իսլամ կրօնաւորներու համաշխարհային համադաշնակցութեան ղեկավար շէյխ Եուսեֆ Քարտաուիի «այս թայմինկով» Կազա այցելութիւնը` զայն նկատելով «մասնատումը ամրապնդելու շրջագիծին մէջ» կատարուած այցելութիւն մը:
«Քարտաուիի պաղեստինեան քաղաքացիութեան եւ անցագիրի տուչութիւնը ապօրինի ձեւով կատարուեցաւ, ուստի Քարտաուի ներկայիս պաղեստինեան կեղծուած ու ապօրինի անցագիր մը կը կրէ», ընդգծեց կեդրոնական կոմիտէն:

