Ֆրանչիսկոս Պապը Օսմանցիներու Կողմէ Գլխատուած 813 Իտալացիներ Սուրբ Կը Հռչակէ
Ֆրանչիսկոս պապը երէկ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած տասը հազար հաւատացեալներու ներկայութեան իր գահակալութեան առաջին սուրբերը հռչակեց: Սուրբերու դաս անցնելիք անհատները ընտրուած էին Պենետիկտոս ԺԶ. պապին օրով: Անոնց շարքին էին 813 իտալացիներ, որոնք 15-րդ դարուն գլխատուած էին օսմանցիներու կողմէ:
Երկու ժամ տեւած արարողութեան ընթացքին պապը սուրբ օծեց Հարաւային Իտալիոյ Օթրանթօ քաղաքէն կօշկակար մը` Անթոնիօ Փրիմալտոն, որ 1480-ին 812 այլ իտալացիներու հետ քաղաք ներխուժած օսմանեան զօրքերուն կողմէ գլխատուած էր` հաւատափոխ ըլլալ մերժելուն համար:
Պապը նաեւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով սուրբ օծեց քոլոմպիացի մը` Լորա տի Սանթա Քաթրինա տա Սիենա Մոնթոյա այ Այփիկուելլա եւ պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով մեքսիքացի մը` Մարիա Կուատալուփէ Կարսիա Զաֆալա: Անոնք երկու միաբանութիւններու հիմնադիրներ են:

