Ըստ Իսրայէլեան Փաստաթուղթի Մը. Իսրայէլեան Դիւանագիտական Առաքելութիւն Մը Մէկուկէս Տարիէ Ի Վեր Գաղտնաբար Կը Գործէ Արաբական Ծոցի Երկրի Մը Մէջ
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի 2013 եւ 2014 տարիներու պետական պիւտճէն ի յայտ բերած է, որ իսրայէլեան դիւանագիտական առաքելութիւն մը մէկուկէս տարիէ ի վեր կը գործէ Արաբական ծոցի երկրի մը մէջ:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց երկրին անունը բացայայտել` յայտնելով, որ «այդ հարցին չենք կրնար անդրադառնալ»:
CATEGORIES Միջազգային

