Ժեմայէլ Պոնինոյի Հետ Կը Քննարկէ Սուրիացի Գաղթականներուն Թղթածրարը

Ժեմայէլ եւ Պոնինօ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, որ կը գտնուէր Հռոմ, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Էմմա Պոնինոյի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամերիկեան, ռուսական եւ եւրոպական ճիգերը` Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով:

Հանդիպումին ընթացքին Պոնինօ հաստատեց, որ Իտալիա կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատի պահպանել հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը` պահպանելու համար շրջանին կայունութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը եւ այդ մասին միջազգային խորհրդաժողով մը կայացնելու նախաձեռնութիւնը, որուն առնչութեամբ Պոնինօ կատարեալ զօրակցութիւն յայտարարեց:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան ժամանումը սկսած է վտանգ սպառնալ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այդ գաղթականներու հարցին լուծում մը ապահովել միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու ընդմէջէն:

Ժեմայէլ ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր չէզոք կեցուածքէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )