Ապպաս Իպրահիմ Ուղղուեցաւ Դամասկոս

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու նպատակով ի գործ դրած իր ճիգերուն շրջագիծին մէջ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ – զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ուղղուեցաւ Դամասկոս:

Սուրիայէն Լիբանան իր վերադարձէն ետք Իպրահիմ շեշտեց, որ ինք հանդիպումներ ունեցած է սուրիացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ եւ անոնց յանձնած առեւանգեալներուն հետ փոխանակուելիք իգական սեռին պատկանող սուրիացի արգելափակեալներուն անուանացանկը, որ ինք ստացած էր թրքական կողմէն:

Իպրահիմ շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւնները խոստացած են գործակցիլ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ այդ թղթածրարին լուծում մը ապահովել:

Նշենք, որ անցեալ շաբաթավերջին Իպրահիմ ընդգծած էր, թէ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը լուծելու առումով դրական նշոյլներ արձանագրուած են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES