Նախագահ Սլէյման – Մաթար Եպիսկոպոս Հանդիպում
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան եւ ընտրական օրէնքին վաւերացման վերաբերող հարցեր:
Պաապտայի այցելուներէն եղան նաեւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ, ինչպէս նաեւ սենտիքայական եւ քաղաքացիական միութեան պատուիրակութիւններ:
CATEGORIES Լիբանանեան


