Մինչ Սալամ «Ազգային Շահերու Կառավարութեան» Մասին Իր Ջանքերը Կը Շարունակէ. «Կատարուած Իրողութեան Կառավարութիւն» Մը Յայտարարելու Հաւանականութեան Մասին Մերժողական Կեցուածքներ Կ՛արձանագրուին

Վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ վաղը երեկոյեան յայտարարուելիք «կատարուած իրողութեան կառավարութեան» մասին յայտարարութիւններուն վերաբերեալ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներ արտայայտեցին մերժողական կեցուածքներ եւ կատարեցին զգուշացում:

Վարչապետ Սալամ իր արտայայտած վերջին կեցուածքներուն մէջ շեշտած էր, որ նախորդ տարիներուն ընթացքին կառավարութեան մէջ անոր որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւնը այս կամ այն քաղաքական թեւին յանձնելու քայլը շինիչ չի նկատուիր:

Երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կազմելու «ազգային շահերու կառավարութիւն» մը եւ քաղաքական ուժերուն հետ կը շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ ինք ամբողջովին պատրաստ է լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ խորհրդակցութիւնները շարունակելու:

Շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն համաձայն, Մուսայթպէի աղբիւրները շատ հաւանական կը նկատեն «կատարուած իրողութեան կառավարութեան» կազմութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ տակաւին յստակ ոչինչ կայ, եւ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները տակաւին առկայ են:

Խորհրդակցութիւններուն առումով շաբաթավերջին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վարչապետ Սալամի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի միջեւ:

Վարչապետ Սալամի կառավարութիւնը, որուն սկզբունքով ծննդեան թուական ճշդուած է երեքշաբթի երեկոն, պիտի ընդգրկէ 14-16 նախարար, որոնք ընդվզեցնող անձնաւորութիւններ չեն:

Կառավարութեան մէջ քաղաքական կողմերն ու հոսանքները պիտի չներկայացուին, եւ այդ մասին վարչապետ Սալամ այս շաբթուան ընթացքին պիտի յայտարարէ յստակ կեցուածք մը, որ հաստատ կառավարութեան կազմութեան պաշտօնէն հրաժարելու քայլը պիտի չըլլայ:

Մարտ 8-ի քաղաքական կողմերը պիտի մերժեն «կատարուած իրողութեան» այդ կառավարութիւնը եւ պիտի տան օրէնսդրական պատասխան մը` կառավարութեան կազմը նկատելով հակասահմանադրական:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը վարանի ստորագրել «կատարուած իրողութեան կառավարութեան» կազմութեան հրամանագիրին տակ:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթ երեկոյեան Քուրայի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած ճաշկերոյթին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանը դէպի անցեալ տանող միտումները երկիրը տագնապալի կացութեան մէջ կը դնեն, եւ անկարելի է ընդունիլ տիրող այդ իրականութիւնը:

Զօր. Աուն ըսաւ, որ վարչապետ Սալամ կը փորձէ կազմել կառավարութիւն մը` շեղելով առողջ պայմաններէն:

«Կը լսենք կատարուած իրողութիւն մը ստեղծելու եւ այդ կառավարութիւնը երկրին պարտադրելու գծով շշուկներ. Լիբանանի մէջ այս քայլը առաջին անգամն է, որ կ՛արձանագրուի, կարծէք վարչապետը  բացարձակ իրաւասութիւններ ունի` կառավարութիւնը կազմելու առումով: Ո՛չ. այդ մէկը բռնատիրութիւն մըն է, որ շատոնց վերջ գտած է: Կը զգուշացնեմ այսօր նման մտայնութեամբ գործող կողմերը, որ այդ ուղղութեամբ իրենց որդեգրելիք քայլերը յեղաշրջումի քայլեր են, ուղղուած` սահմանադրութեան եւ երկրին օրէնքներուն դէմ», յայտնեց զօր. Աուն:

Ան զգուշացուց այդ վարուելակերպէն` շեշտելով, որ վարչապետին խօսքերը երբեք վերոնշեալ միտումները չէին առթեր, երբ ան ստանձնեց իր պաշտօնը: «Արդեօք խաբեբայութի՞ւն էր կատարուածը կամ արտաքին ուժեր ականջիդ բանե՞ր կը փսփսան», հարց տուաւ զօր. Աուն Սալամին` կոչ ուղղելով անոր իր իմաստութենէն չհրաժարելու, յատկապէս այս հանգրուանին:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը քուէարկութեան պիտի դրուի եւ եթէ կարելի չըլլայ վաւերացնել զայն, ապա խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուին` վաւերացնելու համար երկրին համար չարեաց փոքրագոյնը նկատուող ընտրական օրէնք մը:

Կառավարութեան կազմութեան մասին Ռաատ ըսաւ, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն ներկայացուցած պահանջները տրամաբանական են` արդար մասնակցութիւն ապահովելու առումով:

«Մեր իրաւունքն է կառավարութեան մէջ ներկայացուիլ մեր խորհրդարանական չափին ու կշիռին համաձայն: Ասիկա բարոյական, գործնական եւ սահմանադրական իրաւունք է: Այս իրաւունքը շրջանցող որեւէ քայլ առիթ պիտի չտայ կառավարութեան ծնունդին: Եթէ ոմանք կը յուշեն «միագոյն» կամ «կատարուած իրողութեան կառավարութեան» կազմութիւնը, ապա մենք անոնց խորհուրդ կու տանք նման ձեւի կառավարութեան մը կազմութեան փորձերէն հրաժարելու` յանձնառու մնալու համար Լիբանանին, երկրին ապահովական կայունութեան եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ յարաբերութիւններուն, յատկապէս այս հանգրուանին ընթացքին», շեշտեց Ռաատ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ «կատարուած իրողութեան կառավարութիւն» մը կազմելու քայլը Լիբանանը պիտի մղէ դէպի շրջանային տագնապ:

Վարչական բարեկարգումի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆնէյշ իր կարգին զգուշացուց «կատարուած իրողութեան կառավարութիւն» մը կազմելէ` շեշտելով, որ նման կառավարական կազմ մը կը սպառնայ Լիբանանի ներքին կայունութեան` աւելցնելով, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն նման կառավարութիւն մը կազմել:

Share this Article
CATEGORIES