Սոարեշի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Հայաստան Մեծապէս Կարեւոր Կը Նկատէ Համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Հետ» Կ՛ըսէ Յովիկ Աբրահամեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան անցեալ ուրբաթ օր ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ժոաօ Սոարեշը:
Կարեւոր նկատելով Սոարեշի շրջան այցելութիւնը` Ազգային ժողովի նախագահը նշեց, որ ատիկա լաւ կարելիութիւն կը նկատուի ծանօթանալու Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը քննարկելու համար: Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընթացող ժողովրդավարական բարեփոխումներու հոլովոյթին: Ան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին դերը միջխորհրդարանական երկխօսութեան զարգացման գործին մէջ:
Անդրադառնալով շրջանային խնդիրներուն` Աբրահամեան ընդգծեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութիւնը` իբրեւ բանակցային հոլովոյթի գործուն եւ միակ ձեւաչափ եւ հետամուտ է խնդիրի լուծման միայն խաղաղ ճամբով: Ազգային ժողովի նախագահը համոզում յայտնեց, որ զինուորական ճամբով տագնապի լուծման որեւէ փորձ կրնայ անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ ոչ միայն տագնապի կողմերուն, այլեւ շրջանին համար:
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչը նշեց, որ իր ցանկութիւնն է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրէ կայունութիւն, խաղաղութիւն եւ բոլոր տագնապները լուծուին խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով: Ան կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին եւ Հայաստանի Ազգային ժողովին միջեւ առկայ արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը եւ խորացումը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կողմերը հետաքրքրող անձեր:
Նոյն օրը Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Արտաշէս Գեղամեան եւս հանդիպում ունեցաւ Ժոաօ Սոարեշի հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին շրջանին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ երկու կողմերը հետաքրքրող այլ հարցերու:

