Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ընտանեկան հանդիպում մը պիտի ունենաք` որոշ հարցերու մասին զրուցելու միասնաբար: Անցեալի ցաւոտ հարցեր մի՛ արծարծէք, նայեցէք ապագային: Խոհեմ եղէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը ձեզ պիտի տանի նոր քաղաք մը, ուր պիտի ծանօթանաք նոր մարդոց: Նորութիւններ պիտի ունենաք: Յաջող է օրը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր գործերով զբաղած պիտի ըլլաք, դէպի յառաջդիմութիւն ընթացք մը ձեզ պիտի առաջնորդէ աւելի լաւին: Ձեր ջանքերը պիտի արդիւնաւորուին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամական կապ մը պիտի ունենայ վիպային բնոյթ: Սիրային զգացումներով յորդուն պահեր պիտի ունենաք: Մնացէք հաւատարիմ ձեր զգացումներուն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հանգստացէք, քանի որ հեւքոտ աշխատանքը, սթրեսը ձեզ կը յոգնեցնեն: Ոչ ըսէք աւելորդ ծանրակշիռ աշխատանքի: Խաղաղ եղէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դուք ձեզ համոզեցէք, որ պիտի կարենաք եւ կարող էք յաղթահարելու բոլոր մարտահրաւէրները: Այս ընելով` կրնաք համոզել նաեւ ձեր շուրջինները:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հեռու մնացէք աղմկարար շրջանակներէ: Ունեցէք հանդարտ մթնոլորտի մէջ օրը անցընելու որոշում եւ տրամադրութիւն: Միացէք հանդարտ բարեկամներու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հարցի մը մասին շատ կը մտածէք, ինչ որ սխալ է: Մոռցէք թեթեւ ձախողութիւնները եւ նայեցէք ապագային, որ կրնայ արդիւնաւէտ եւ պայծառ ըլլալ: Զուր տեղ մի՛ յուսալքուիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ապահովցուցէք այն անձերը, որոնք մտահոգուած են ձեզմով: Տխուր կամ դժգմհ մի՛ ձեւանաք, որպէսզի կասկածի տեղի չտաք: Ապրեցէք բնական ձեւով:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ամուսնական կամ ընկերովի ձեր կեանքը միօրինակ թող չըլլայ: Նորութիւններ ստեղծեցէք` աւելի զուարթ միջոցներու դիմելով, որպէսզի ուրիշներ զարմանան:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Վերաքաղ մը կատարեցէք ձեր գրաւոր աշխատանքներուն համար, որպէսզի գէշ պատահարի մը դիմաց չգտնուիք: Զգուշ եղէք այսօր:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ամուսնացած էք, պիտի ունենաք սիրալիր եւ ջերմ յարաբերութիւն: Եթէ ամուրի էք, ձեր կարգին ունիք հանդիպում մը` լաւ բնոյթի, բայց կրնայ ըլլալ թիթեռնիկի կեանքին տեւողութեամբ: Ուրախ մնացէք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES