50 Տարի Առաջ (14 Մայիս 1963)

Կիլիկիոյ Հայ Թագաւորներու Պալատը`
Ախոռի
Վերածուած

Ոչխարներ Եւ Էշեր Կ՛արածին,
Գերեզմաններու
Առջեւ Դդում Կը Տնկուի…

Թրքական «Ճիւմհուրիէթ» թերթը վերի խորագիրներով կը հրատարակէ տեղ մը` Կիլիկիոյ հայ թագաորներու երբեմնի շքեղ պալատներու այժմու վիճակի մասին.-

Էրտեմլիի եւ Սիլիֆքէի միջեւ պատմական Կորիկոս քաղաքին մնացորդները պարտիզպաններու դաշտն է, Կիլիկիոյ հայկական պետութեան մնացորդները բաժնուած են շուրջ 3000 գիւղացիի միջեւ:

Պարտէզներուն մեծագոյնը 190, փոքրագոյնը 4 քառակուսի մեթր է: Հողին թանձրութիւնը 5 – 10 սանթիմ է:

Բանջարեղէնները հովէն պատսպարելու համար այդ պատմական քաղաքի մնացորդները զանազան ձեւերով աւերուած, կարգ մը տեղերը փլցուած, կարգ մը տեղերը պատ հիւսուած է: Բայց ցարդ ոչ ոք ելած եւ ըսած է. «Ո՞ւր է ձեր թափուն, այստեղ հանրային վայր է, պիտի պահպանուի»:

Գիւղացիները, որոնք կ՛օգտուին պատմական վայրերէն, կ՛օգտուին նաեւ ջրուղիներէն, որոնք շատ հին ժամանակներէ մնացած են:

Տարիներ առաջ օտար մասնագէտ մը ուսումնասիրութիւններ կատարած էր մեր երկրին մէջ եւ Թուրքիայէն բաժնուած ատեն ըսած էր.

– Այն պահուն, երբ արժեւորէք ձեր պատմական գանձերը, կրնաք վերականգնիլ առանց որեւէ պետութեան օժանդակութեան կարօտելու:

Բայց մենք մեր ձեռքէն եկած ամէն բանը ըրած ենք մեր պատմական գանձերը փլցնելու, այրելու համար: Ահա՛ քանի մը նմուշ:

Էրտեմլիէն 600 – 700 մեթր անդին կը տեսնէք պալատի մնացորդ մը, որ պատերով շրջապատուած է: Երբ դռնէն ներս մտնէք, կը փշաքաղիք: Որովհետեւ այդ պալատի մնացորդին մեծ սրահը փորած, հողը երեւան հանած ու այդտեղը արտի մը վերածած ենք: Ամէն տեսակ անասուն կ՛արածի մէջը: Քիչ մը եւս կը յառաջանաք, կը նկատէք, թէ հայոց թագաւորներուն գերեզմաններուն վրայի մասը ցորենի, տակի մասը նախախայրիք բանջարեղէնի բաժիններ կը գտնուին:

Երբ «Քըզ քալեսի»-ի ծովափի նմանակին վրայ կը բարձրանաք, զարմանքով կը տեսնէք, թէ լոլիկ, սմբուկ կը հասնի բերդին մէջ:

Եւ կ՛իմանաք, որ զբօսաշրջիկները, որոնք փոխադրամիջոցի չգոյութենէն առանց բերդը տեսնելու ետ կը դառնան, կ՛ըսեն.

– Ա՛խ, այս վայրերը մեր երկրին մէջ ըլլային…

Եւ ետքը, կարգ մը խանութներու ցուցափեղկերուն մէջ կը կարդանք «Մէկ զբօսաշրջիկը հազար զբօսաշրջիկ կը բերէ» լոզունգը:

 

«Անշնորհ Տղաք»

Համազգայինի Ն. Փալանճեան Ճեմարանի Լսարանական միութեան թատերական խմբակի շնորհալի տղաքը շաբաթ 4 եւ կիրակի 5 մայիս 1963 երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ ներկայացուցին Ռ. Ֆերտինանի «Անշնորհ տղաք» 3 արար արդիական թատրերգութիւնը, Ռ. Ֆերտինանի վերոյիշեալ գործին ծանօթ չենք. կարելի է ենթադրել սակայն, թէ ներկայացուածը ինքնուրոյն ստեղծագործութիւն մըն է վերոյիշեալ թատրերգութենէն ներշնչուած: Թատրերգութիւնը, բեմայարդարումներու յղացումն ու պատրաստութիւնը, թատերական խմբակին հաւաքական աշխատանքին արդիւնքը եղած են: Եւ այդ աշխատանքը իբրեւ ուսանողական ձեռնարկ նաեւ իրենց հաճելի խաղարկութեամբ պատուաբեր եւ գովելի արդիւնքի մը կրցան հասցնել:

Նիւթը` Ֆրանսայի գաւառական մէկ դպրոցը` անկարող տնօրէնով մը, փիլիսոփայութեան դասարանի հինգ անկարգ ուսանողներով, որոնք յաջողած են հինգ ուսուցիչներ «ճամբել», որոնք փոխանակ դասերով զբաղելու` առեւտուրով եւ հաճելի ժամանցներով կը պարապին. այս անզգամ ուսանողներու դաստիարակութիւնը կը վստահուի երիտասարդ ուսուցչուհիի մը, որ կը յաջողի զգաստացնել սոյն անկարգ տղաքը թափանցելով անոնցմէ իւրաքանչիւրին հոգիին խորքը եւ երեւան հանելով ամէն մէկուն մէջ թաքնուած արժէք մը: Եւ ուսանողները, ի տես իրենց հանդէպ ցուցաբերուած ազնիւ վերաբերումին եւ քաջալերանքին, կը վերափոխուին աշխատասէր ուսանողներու:

Առաջին երկու արարները հաճելի կատակերգութիւն մը կը ներկայացնեն, սակայն յուզիչ է 2-րդ արարին վերջաւորութիւնը, մանաւանդ` երրորդը:

Հաճելի էր դերակատարներու զուսպ խաղարկութիւնը` խուսափելով ձեւերէ եւ մնալով բնականութեան սահմանին մէջ: Ուրախալի է նոյնպէս հաստատել, թէ հնչաբանական եւ քերականական սխալներէ ետք մաքուր հայերէնով տրուած սոյն ներկայացումը ճեմարականներու այդ կալուածին մէջ ունեցած արժանիքին արդիւնքն է:

Ստորեւ դերակատարներուն անունները. Վաչէ Փափազեան` տնօրէն, Ժիրայր Լիպարիտեան` պ. Լամի, Մկրտիչ Մկրտիչեան` Լըտան, Վազգէն Մատենլեան` Կապրիէլ Լամի, Վրէժ Շալեան` Միշել Պարպարեն, Յարութիւն Մահսերեճեան` Լըկրօ, Մհեր Գոճապապեան` Լաւալէ, Յարութիւն Տ. Ղազարեան` Փաթիւրել: Իրենց ստանձնած դերերուն յարմար տիպարներ բաւարար չափով:

Ուսուցչուհի Պրաւարի դերին մէջ Ծաղիկ Փափազեան յայտնութիւն մըն էր խոր ըմբռնումով: Խաղարկութիւնը աշակերտական ներկայացումի մը սահմանումէն վեր, գնահատելի է: Շնորհաւորելի է լսարանական միութեան թատերական եւ անոր ուղեցոյց ու առաջնորդ Գրիգոր Շահինեանը:

Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Վարչապետ Քարամէի Սրտաբուխ Խօսքերը
Մեծի
Տանն Կիլիկիոյ Վեհին Օծման Հանդէսին Առթիւ

Տեղեկատուութեան ազգային գործակալութիւնը երէկուան իր հաղորդագրութեան մէջ, լայնօրէն անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի օծման հանդէսին, կու տայ գլխաւոր հատուածներ այն ճառէն, որ յաւարտ արարողութեանց, խօսեցաւ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցիչը` վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ

Ռ. Քարամէ ըսաւ.

«Այս արարողութեան առթիւ, ուր պատիւն ունիմ ներկայացնելու հանրապետութեան նախագահը, եւ ողորմածութեան, եղբայրութեան ու համերաշխութեան ոգիով տոգորուն այս մթնոլորտին մէջ, Խորէն Ա.ի եւ հայ համայնքին կը ներկայացնեմ իմ լաւագոյն մաղթանքներս եւ անկեղծ զգացումներս` համայնքին մեծութեան եւ բարօրութեան համար: Բոլորս կ՛ուրախանանք, երբ համայնք մը կը վայելէ բարօրութիւն եւ երջանկութիւն, որովհետեւ բոլորս կը կազմենք մէկ ընտանիք նո՛յն հայրենիքին գիրկը:

«Լիբանան, որ հայրենիքն է իր բոլոր զաւակներուն, Լիբանան, որ կերտուած է սիրոյ եւ հանդուրժողութեան վրայ, հպարտ է աստուածային այն բարեհաճութեամբ, որ զայն դարձուցած է առաքեալներու օրրանը եւ կրօններու աղբիւրը:

«Լիբանան, որ այսօր կ՛ապրի ազգային միութեան այս մթնոլորտին մէջ` շնորհիւ իր պետին իմաստութեան, արդարադատութեան եւ ուղղամտութեան, եւ որ վստահ է իր ներկային ու ապագային հանդէպ, ու գիտութեան եւ յառաջդիմութեան վրայ հիմնուած իր քաղաքականութեան, այս Լիբանանը, զոր կը վարէ նախագահ Շեհապ, միշտ յառաջ պիտի ընթանայ մեծութեան եւ գերիշխանութեան ճամբուն վրայ:

Աւելցնենք, որ վեհափառի օծման հանդիսութեան Լիբանանի մարոնի համայնքին պետը` պատրիարք Փոլ Մէուշի մասնաւոր ներկայացուցիչ մը ղրկած էր յանձին պատրիարքական փոխանորդ Նաամթալլա Սֆէյրի:

 

Share this Article
CATEGORIES