Փինկ Փոնկ. Ժընուպ Թուլ Հանդիսացաւ Ախոյեան. ՀՄԸՄ Պէյրութ Գրաւեց 4-րդ Դիրքը

Նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ժընուպ Թուլի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ:

Ժընուպ Թուլ, արձանագրելով 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան, իսկ Ռիատի Պէյրութ` փոխախոյեան: 3-րդ դիրքը գրաւեց Նատուա Քամաթիէ, իսկ չորրորդ դիրքը` ՀՄԸՄ Պէյրութ:

Մուժամաա Հարիրի, որ գրաւեց վերջին դիրքը, փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ, մինչ Շապապ Ֆաուար փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարէ Անուար Ժըտէյտէի դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )