Ճատրակի Մրցաշարք` Ռուսիոյ Մշակութային Կեդրոնին Մէջ. Հրակ Լախեան` Առաջին. Հրայր Գասպաեան Եւ Ճիօ Գալուստ` Երկրորդ. Նանօր Առնելեան` Երրորդ
Հովանաւորութեամբ Ռուսիոյ մշակութային կեդրոնին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 12 մայիսին, վերոնշեալ կեդրոնին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ շուրջ 50 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու:
Տեղի ունեցան հինգ դասակարգի մրցումներ (8, 10, 12, 14 եւ 18), բոլորն ալ` հինգ հանգրուանով:
10 տարեկանէն վար Հրակ Լախեան, ապահովելով առաւելագոյն 5 կէտը, հանդիսացաւ առաջին: Անոր ետին 2-րդ դիրքը 4 կէտով գրաւեց Հրայր Գասապեան, իսկ Նանօր Առնելեան ապահովելով 3 կէտ հանդիսացաւ երրորդ:
12 տարեկանէն վար Ճիօ Գալուստ, ապահովելով 4 կէտ, հանդիսացաւ երկրորդ:
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Հիւսէյն Համմուտ մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան յայտնեց, որ մրցաշարքը ընթացաւ բաւական լաւ ձեւով, մանաւանդ որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի ախոյեաններ:
Նշենք, որ Հրակ Լախեան, Նանօր Առնելեան (10 տարեկանէն վար) եւ Ճիօ Գալուստ (12 տարեկանէն վար) Լիբանանի ախոյեան են, մինչ Հրայր Գասապեան հանդիսացած է երրորդ (10 տարեկանէն վար):
Յայտնենք, որ Հրակ Լախեան եւ Հրայր Գասապեան Ճեմարանի աշակերտներ են, իսկ Ճիօ Գալուստ եւ Նանօր Առնելեան` Մեսրոպեանի:
Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.
8 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿԷՏ
1.- Մոհամետ Ժաուիշ 5
2.- Մոհամետ Ֆարհաթ 4
3.- Մարք Շարթունի 3
10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
1.- Հրակ Լախեան 5
2.- Հրայր Գասապեան 4
3.- Նանօր Առնելեան 3
12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
1.- Ժաուատ Ֆարհաթ 5
2.- Ճիօ Գալուստ 4
3.- Մոհամետ Ֆարհաթ 3
14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
1.- Ապտել Լաթիֆ Հասան 5
3.- Ժըրժի Հատտատ 3
3.- Այյատ Ֆարհաթ 3
3.- Հատի Ֆարհաթ 3
18 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
1.- Իպրահիմ Շահրուր 5
2.- Քարիմ Համաուի 3,5
3.- Մոհամետ Շահրուր 3