Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ Կրնայ Բարձրանալ Ա. Դասակարգ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, այսօր` երկուշաբթի, 13 մայիսին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ – Թատամոն Զուք մրցումը:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Պէյրութ այժմ 2-0 արդիւնքով կը յառաջանայ իր մրցակիցին վրայ:
Այսօր, յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը պիտի հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթական ոգիով դաշտ ներկայանալ եւ արձանագրել իրենց երրորդ յաջորդական յաղթանակը` չորրորդ մրցումին չսպասելու համար:
Իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի, ինչպէս նախորդ երկու մրցումներուն, դաշտը լեցնել ամբողջութեամբ եւ իրենց կողքին ունենալով ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը քաջալերել իրենց կազմը` այնուհետեւ միասին տօնելու համար կերտուելիք յաղթանակը:

