Արդի Հայ Գրականութեան Իրապաշտ Դպրոցի Ուղիով. Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի «Էջեր Առօրեայէն» Գիրքը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Պատանութեանս օրերուն Լեւոն Բաշալեանի, Ռուբէն Սեւակի, Երուխանի, Համաստեղի եւ ուրիշ հայ գրողներու պատմուածքները գերագոյն հաճոյքով կը կարդայի: Իրական կեանքէ առնուած այդ դրուագները որքա՜ն հարազատ կը թուին ընթերցողին: Հայ գրականութեան մէջ իրապաշտ դպրոցի պատկանող այդ երկերը պոլսահայ կեանքէ առնուած եւ գեղարուեստի վերածուած են:

Կարելի է ըսել, թէ «Էջեր առօրեայէն» {«Այգ» մատենաշար-16, Բերիոյ հայոց թեմի հրատարակութիւն, Հալէպ, 2011, տպարան «Ոսկետառ», 128 էջ} գիրքին հեղինակը` Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան նոյն հարազատութեամբ կը ներկայացնէ իրական դրուագներ, այս անգամ` հալէպահայ կեանքէ առնուած: Պատմուածքներուն հերոսները պարզ մարդիկ են: Պատահարները` ընդհանրապէս սովորական: Սակայն Ս. Հաճէթեան յաջողած է անոնց մէջ յայտնաբերել մարդկային ու ազգային վսեմագոյն զգացումներն ու ապրումները: Տակաւին իր երիտասարդ տարիքին որքա՜ն կեանքի փիլիսոփայութեան խորը թափանցած էր ան: Կեանքի փորձառութիւնը լաւ ըմբռնած ըլլալով` ան դէպի բարիին ձգտելու մարդկային ազնիւ յատկութիւնն է, որ կը շեշտէ իր գրութիւններուն մէջ: Տողերուն միջեւ ընթերցողը հեղինակին նկարագրի ազգային գիծը կը շօշափէ: Հաճէթեանի գրելու ոճը ջինջ ու պարզ է:

Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան իր պատմուածքներուն մէջ հայերէնի ուսուցիչներուն կարեւոր տեղ յատկացուցած է: Ուշագրաւ է հայ աշակերտներուն մեծ մասին անտարբերութիւնը հայերէնի նկատմամբ: «Մշակ»-ը` հայերէնի ուսուցիչը հակառակ իր մեծ նուիրուածութեան, գուրգուրանքին եւ աշխատանքին, շատ քիչ բերք կը քաղէ:

Այրի հայ կնոջ կենցաղը` իր հարցերով, տառապանքներով եւ ուրախութիւններով հեղինակին ուշադրութեան առարկան դարձած է: Ան կը շեշտէ հայ անհատին ընդհանրապէս ուսման հանդէպ ունեցած սէրն ու ուշադրութիւնը: Հայ մայրը իր զաւակներուն հայեցի կրթութեան եւ ուսման համար կը տագնապի: Նոյնիսկ այրի հայ կինը իր զաւկին ուսման համար ամէն զոհողութիւն եւ յոգնութիւն յանձն կ՛առնէ:

Պատմուածք մը լրիւ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան` ապրիլ 24-ի ոգեկոչման օրուան: Սիրուն բոլոր հայ նահատակները կը յիշէ, երբ իր հարազատներուն շիրիմին ծաղկեփունջ մը կը զետեղէ, մոմ կը վառէ ու կ՛աղօթէ: Տխուր այս առիթը սակայն չ՛արգիլեր հեղինակին յոյսով լեցուելու եւ աղօթքին մէջ յիշելու` «ազգիս յաղթանակի օրուան համար պանծալի» արտայայտութիւնը, որ սեւեռում մըն է դէպի լուսաւոր ապագան: կը նկատենք, թէ Հայոց ցեղասպանութեան խորհուրդը հայուն առօրեային մաս կը կազմէ:

Հայրենի հողին եւ շէնին կարօտը սփիւռքի երկինքին տակ հեղինակին հոգին կը ճմլէ:

«Գնա՛, տղա՛ս, ալ մի կենար, մի ծառայէր օտարին» երգին բառերը հօրը բերնէն լսելով` հեղինակին «մանկունակ հոգին կը մթագնէր»: Անցեալի ամբողջ ողբերգութիւնը կը խտանայ նոյն երգին հետեւեալ տողերուն մէջ.

«Բիրտ լուծի տակ ստրկութեան, չկայ մի կեանք երջանիկ,
Արմատներդ ծարաւի են հողին, ջուրին հայրենի…»

Եւ վերջապէս երգին բառերը հեղինակին խոհերուն եզրակացութիւնն ըլլային կարծէք.

«Օտար ձեռքով շինուած երկիր, քեզ չի դառնար հայրենիք»

Սիրուն Հաճէթեան հայրենիքի կարօտով վերացած իր աչքերը կը սեւեռէ դէպի «հո՛ն, ուր գարունները չեն խամրիր», որ մեր հայրենիքն է:

Հեղինակը իր պատմուածքներուն մէջ կը յայտնէ մանուկներուն հանդէպ իր ունեցած սէրն ու գուրգուրանքը: Ամէն տեղ կը նկատենք առօրեայ հոգերը, տառապանքները եւ վիշտը, ինչպէս նաեւ` ուրախութիւնն ու յոյսը: Սիրուն լաւատես է ապագայի նկատմամբ:

Կարդալով գիրքին էջերը` յաճախ կը վերադառնանք հայուն մեծ ցաւին` Մեծ եղեռնին: Այս անգամ Սիրունի ծերունի մայրն է, որ կը վկայէ իր արցունքներով ու բառերով… Թուրք ասկեարները վերջինս բաժնած էին իր կրտսեր եղբօրմէն, որ հիւանդ վիճակի մէջ լքուած էր: Քիչ առաջ քոյր ու եղբայր իրենց մօր անշունչ մարմնին մօտ, թուրք ոստիկան-զինուորներու մտրակներու հարուածներուն տակ կ՛ողբային… Հրէշները Սիրունին մայրը բռնի ուժով թուրք հարիւրապետի մը տունը կը տանին: Անոր հիւանդ եղբայրը կը ճչար. «Քոյրի՛կ, քոյրի՛կ, մի՛ երթար…»: Սիրուն Հաճէթեան թուրքին գործած անարդարութեան դէմ իր ընդվզումը յայտնելէ ետք, կրկին կը վերադառնայ յոյսի եւ պայծառատեսութեան, իր մայրը յորդորելով. «Պէտք չէ լաս, երբ Եռագոյնը պանծալի կը ծածանի հայրենիքին վերեւ: Պէտք է լան անոնք, որոնք չունին հայրենիք, չունին զաւակներ քաջարի, չունին զաւակներ զոհուող ու բարի»: Մայրը ամբողջ հայ ազգի արհաւիրքն էր, որ կ՛ապրէր:

Մեծ եղեռնէն ետք հայը սփիւռքի տարածքին թէ հայրենիքին մէջ սկսած էր իր կեանքը վերականգնել: Երկրորդ սերունդը արդէն իր առօրեայ հոգերու կողքին հետամուտ եղած էր ուսումնական ասպարէզը զարգացնելու եւ հայեցի կրթութեամբ նոր սերունդներ պատրաստելու: Հայ ուսուցիչը մեծ նուիրումով լծուած էր այս գործին:

Մտահոգութիւն դարձած էր հայկական դպրոցներու տնօրէններուն համար հայերէնի կարող ուսուցիչներ գտնել: Նոյն մտահոգութեամբ, հեղինակը` Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան ուսուցչական ասպարէզ կը նետուի իբրեւ հայերէնի դասատու:

Թէեւ գիրքին մէջ ներկայացուածները անջատ պատմուածքներ են, սակայն բոլորն ալ առնուած են երբեմն խաղաղ ու շէնշող հալէպահայ կեանքէն: Պատմուածքները մարդկային եւ ազգային վսեմ ու ազնիւ գաղափարներն ու նպատակները կը ցոլացնեն:

Ակնյայտ է Մեծ եղեռնի վիշտին ու տառապանքներուն դրոշմած ազդեցութիւնը: Այսուհանդերձ, հեղինակը ապագայի նկատմամբ միշտ լաւատես է:

Հաճելի ընթերցանութեան կողքին, «Էջեր առօրեայէն» երկը արդի հայ գրականութեան մէջ իր տեղը ունի: Շնորհակալ գործ մը, որ գնահատելի է եւ պէտք է շարունակուի:

Սրտանց կը շնորհաւորենք Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանը եւ նորանոր գրական յաջողութիւններ կը մաղթենք անոր:

 

Պէյրութ, 26 ապրիլ 2013

Share this Article
CATEGORIES