Մայրերու Օր` Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ,  գարնանային ծաղկման եւ բնութեան զարթնումին հետ միասին, ամէն տարի կը հասնի նաեւ բարի, պայծառ եւ լուսաւոր տօն մը` Մայրերու տօնը:

Արտասովոր խանդավառութեամբ եւ ջերմիկ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Մայրերու տօնը Ս. Խանամիրեան վարժարանին մէջ, 8 մայիս 2013-ին:

Ներկայ էին` Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան վարժարանի բարերար Միրէյ Խանամիրեան, հրաւիրեալներ, ծնողներ, ինչպէս նաեւ` բարեկամներ:

Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին մանկապարտէզի, նախակրթարանի, ինչպէս նաեւ` միջնակարգի Է. եւ Ը. կարգերը:

Յաջորդաբար ներկայացուեցան երգեր, պարեր, արտասանութիւններ, ինչպէս նաեւ` օրուան խորհուրդը պայծառացնող թատրերգութիւն մը, որոնք թարմացուցին եւ իմաստաւորեցին մայրերուն, մեծ մայրերուն եւ բոլոր ներկաներուն տրամադրութիւնները: Մանուկներուն անմեղ շրթներէն արտասանուած անկեղծ խօսքերն ու երգերը կարծէք թեւ ու թռիչք պարգեւած էին մայրերուն հոգիներուն:

Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք վարժարանի բոլոր աշակերտները բեմ բարձրացան եւ,  իւրաքանչիւր դասարանի մայրերուն նուիրուած սրտի խօսքի փոխանցումէն ետք, աշակերտներ իրենց մայրերուն, ինչպէս նաեւ հիւրերուն նուիրեցին այս առիթով պատրաստուած ձեռային աշխատանքներ:

Վարժարանի տնօրէնուհի Նելլի Վէքիլեան իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս մեծարեց հայ մայրերը` իրենց աննկարագրելի նուիրումին, անսպառ զոհողութեան եւ անխոնջ եռանդին համար: Ապա բեմ հրաւիրեց ինը զաւակներու, ինչպէս նաեւ 45-է աւելի թոռներու տէր,  վարժարանի տարիներու բազմավաստակ, ծառայող մայրիկներէն մին եւ զայն պարգեւատրեց: Նաեւ բեմ հրաւիրեց վարժարանի բոլոր ուսուցչուհիները, պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ տիկնանց յանձնախումբը` վեր առնելով անոնց նուիրումը յանուն հայ սերունդներու դաստիարակութեան եւ կերտումին:

Ներկաներ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան` իրենց հետ տանելով քաղցր յուշեր, ինչպէս նաեւ` ծաղիկներու թաղարներ:

Share this Article
CATEGORIES