Ցեղասպանութեանց Ուսուցման Սառա Քոռնինկ Հիմնարկը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Հայ որբերու պահապան հրեշտակ քանատացի բուժքոյր Սառա Քոռնինկին անունը կրող ցեղասպանութեան ուսուցման նոր հիմնարկ մը իր դռները բացաւ Թորոնթոյի մէջ:

Սառա Քոռնինկի անուան կեդրոնին հիմնական նպատակն է քանատական վարժարաններու նախակրթարանի եւ Երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն փոխանցել ցեղասպանութեանց վերաբերող դաստիարակչական նիւթեր, ինչպէս նաեւ` հետազօտական եւ ուսումնասիրական ծրագիրներ:

Ապրիլ 26-ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը «Սառա Քոռնինկ» կեդրոն»-ի հիմնադիր Րաֆֆի Սարգիսեան կը յայտնէ, որ հիմնարկին առաջնահերթ նպատակն է քանատացի աշակերտներուն սորվեցնել մարդկային իրաւանց արժէքներուն մասին: Կեդրոնի հետազօտութեանց բաժանմունքի վարիչ Դանիէլ Օհանեանի հաստատումով, կեդրոնին դաստիարակչական ծրագիրները կը նպատակադրեն քանատացի ուսուցիչներուն վարժողական ծրագիրներով ծանօթացնել համաշխարհային պատմութեան ընթացքին գործադրուած տարբեր ազգերու ցեղասպանութիւններու պատմութեան:

Կեդրոնը արդէն իսկ հանրութեան ներկայացուցած է Ճորճթաունի հայ որբ տղոց Քանատա հաստատման 90-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը: Կեդրոնին պաշտօնական կայքէջն է www.corningcentre.org:

Սառա Քոռնինկ ծնած է 1872-ին, Քանատայի Նովա Սքոշիա նահանգի Չեքոկին քաղաքը: Ա. Աշխարհամարտին անդամագրուած է Ամերիկեան Կարմիր խաչին եւ որպէս կամաւոր գործուղուած է Օսմանեան կայսրութիւն` օգնութեան ձեռք երկարելու թրքական կոտորածներէն փրկուած բազմաթիւ հայ գաղթականներուն եւ որբերուն: Այդ օրերուն քանատական մամուլը (Թորոնթօ Ուորլտ, Տը Հալիֆաքս Հերըլտ, լա փրէս) բազմիցս անդրադարձած է հայկական կոտորածներուն:

1922-ին անդամագրուելով Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան նպաստամատոյց կազմակերպութեան` Սառան կը գործուղուի Զմիւռնիա: 1922-ի սեպտեմբերին քեմալական զօրքերը կը ներխուժեն Զմիւռնիա, որուն բնակչութեան 30 հազարը հայեր էին: Սեպտեմբերի 13-ին քեմալականները հրդեհեցին Զմիւռնիան, որուն զոհ գացին աւելի քան 100 հազար հայեր եւ յոյներ: Հրդեհէն փրկուած քրիստոնեաներու դէպի ծով փոխադրութիւնն ու նաւերու վրայ տեղաւորումը կը կազմակերպէին Կարմիր խաչը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան նպաստամատոյցը:

Սառա Քոռնինկի ջանքերուն շնորհիւ` կը հաւաքուին իգական սեռի մինչեւ 12 տարեկան շուրջ 5000 հայ եւ յոյն երեխաներ, զորս ամերիկեան ռազմանաւերով կը տեղափոխեն Յունաստան: Հիմնելով իր որբանոցը Յունաստանի մէջ` ան կը լծուի իր սաները կրթելու աշխատանքին:

1923-ին Յունաստանի Գէորգ Բ. թագաւորը Քոռնինկը կը պարգեւատրէ Յունաստանի բարձրագոյն շքանշանով:

Քոռիինկ իր կեանքի վերջալոյսի օրերը ապրեցաւ իր ծննդավայրին մէջ, ուր մահացաւ 1969-ին, 97 տարեկան հասակին: Իր դամբարանի յուշաքարին վրայ գրուած է` «Ապրեցաւ ուրիշներուն ծառայելու համար»:

Share this Article
CATEGORIES