Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ ինք պատրաստ է լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ իր խորհրդակցութիւնները շարունակելու` աւելցնելով, որ ինք ոչ ոքի հետ իր հաղորդակցութիւնները կասեցուցած է: Ան շեշտեց, որ իր որդեգրած աշխատանքային ուղեգիծը համախոհական է:
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ անբնակ շրջանի մը մէջ մազութի տակառ մը զօդելու աշխատանքին ընթացքին տակառը պայթած է: Պայթումին պատճառով մահացած են երկու բանուորներ` լիբանանցի մը եւ հնդիկ մը, իսկ վեց ուրիշներ վիրաւորուած են:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին աւարտը իր ուղղակի հակազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի կացութեան վրայ: Ան նշեց, որ այնքան ատեն որ Սուրիա անորոշ վիճակի մէջ է, ապա Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնն ու երեսփոխանական ընտրութիւնները անկարելի պիտի ըլլան:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը նշած է, որ, Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են թէ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ «կատարուած իրողութեան կառավարութեան» յայտարարութիւնը պատերազմ յայտարարելու համազօր է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ պէտք է համաձայնիլ Ուղղափառ հանդիպումի մշակած ընտրական օրինագիծէն բացի ընտրական որեւէ օրէնքի մը, որ արդար ներկայացուցչութեան իրենց պահանջը կ՛ամբողջացնէ:
ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումին իմաստով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի յայտնած է, որ ինք կը մերժէ կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ուղղակի ներկայացուցչութիւնը:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ քաղաքական անձնաւորութիւն մը յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ իր նշանակման օրէն իսկ կառավարութեան պատրաստ կազմ մը ունէր իր մօտ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ իրենց պարտականութիւնն է ըլլալ պատրաստ եւ կարելիութիւնը ունենալ դիմադրելու իսրայէլեան որեւէ յարձակումի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս շեշտեց, որ իրենք անպատասխան պիտի ձգեն իրենց դէմ գործուող քաղաքական ցեխարձակումները` աւելցնելով, որ իրենց համար առաջնահերթութիւնը Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելն է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ան ոչ մէկ արգելք ունի միագոյն կառավարութեան կազմ մը վաւերացնելու առումով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն հեռու մնալու «կատարուած իրողութեան կառավարութեան» կազմութենէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ կայ քաղաքական ուժ մը, որ կրակով կը խաղայ եւ կը ջանայ իր հակակշիռին տակ առնել լիբանանեան գոյացութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ տակաւին շատ կանուխ է ընտրական օրէնքի մը մասին խօսելու` աւելցնելով, որ թեկնածուները պատրաստ են եւ կը սպասեն ընտրական օրէնքին վաւերացման:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւնները լիբանանեան գոյացութիւնն ու գերիշխանութիւնը քանդող խօսքեր են:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խզեց Լիբանանի օդային սահմանները եւ ոտնձգութիւններ կատարեց երկրին գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ գործելով հարաւային Լիբանանի, Մերժահիունի, Արեւմտեան Պեքաայի եւ Հասպայայի վերեւ:

