Զօր. Քահուաժի Ամերիկացի Եւ Բրիտանացի Պատասխանատուներու Հետ Քննարկեց Բանակին Կատարուելիք Օժանդակութիւնները
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարի օգնական զօր. Ճէյմս Էվըրարտը, որուն ընկերակցեցաւ բրիտանացի զինուորական զօր. Ճէյմս Քուշնիրը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին կատարուելիք բրիտանական օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ բրիտանական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան գրասենեակի պատասխանատու գնդ. Տէյվիտ Պրենըր: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

